ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ԱՅՍՕՐ` ՀՄԸՄ – ՆԸԺՄԷ ՍԱՀՐԱ
Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 30 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը պիտի մրցի Նըժմէ Սահրայի դէմ: Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 2:15-ին, տեղի պիտի ունենայ Անսարի դաշտին վրայ: Սկզբունքով, այս մրցումը տեղի պիտի ունենար Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, սակայն անիկա փոխադրուեցաւ Անսարի դաշտ: Ֆետերասիոնին կողմէ մրցումին հսկող նշանակուած է Քասեմ Հաժ:
Երէկ, Ա. դասակարգի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցաւ Շապապ Սահել – Նըժմէ մրցումը: 10-րդ հանգրուանի բացման այս մրցումը աւարտեցաւ Նըժմէի յաղթանակով` 2-0 արդիւնքով:
Ստորեւ կու տանք այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 10-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Անսար – Ռասինկ 4:00 Պէյրութ
ՎԱՂԸ
Թրիփոլի – Սալամ Սուր 2:15 Թրիփոլի
Թատամոն Սուր – Ահլի Սայտա 2:15 Սուր
Սաֆա – Մապարրա 2:15 Սաֆա
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Ահտ – Ախա Ահլի Ալէյ 2:15 Սայտա
Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 10-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
ԱՅՍՕՐ
Մաուատտէ – Հարաքեթ Շապապ 2:15 Թրիփոլի
Նահտա Պար Էլիաս – Սաժես 2:15 Խիարա
Իսլահ Պըրժ Շիմալի – Խըյուլ 2:15 Սուր
Ահլի Նապաթիէ – Շապապ Ղազիէ 2:15 Քֆարժոզ
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Շապապ Թրիփոլի – Իժթիմահի 2:15 Թրիփոլի