ԻՍԿ ԴՈ՞ՒՆ ԻՆՉ ՈՒԶԵՑԻՐ ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱՅԷՆ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Նուէր մը ընծայելը կը յիշեցնէ երեք մոգերուն բերած նուէրները Յիսուսին, ոսկին, խունկը եւ զմուռսը: Ոսկին արժէքաւոր մետաղ մըն էր, որ թագաւորներուն յատուկ էր: Ծառէ մը առնուած խունկը աստուածներուն նուիրուած ձօն մըն էր: Դարձեալ ծառէ մը հաւաքուած զմուռսը կը գործածուէր իբրեւ դարման եւ անուշահոտ` մարդոց համար:

 ***

Այժմ նուէր մը տալը սիրոյ նշան է: Երկար ժամանակ նարինջը եղած է հին եւ համեստ կաղանդներու խորհրդանիշը: Աւանդութիւն էր չոր պտուղներ, ընկոյզ, կաղին կամ անուշեղէններ նուիրել համեստ ընտանիքներու մանուկներուն: Նարինջը արժէքաւոր պտուղ մըն էր, որովհետեւ անիկա կու գար հեռուներէն եւ հազուագիւտ էր:

Ներկայիս մենք շատ հեռու ենք այդ անուշեղէններէն… Ի՞նչ կ՛ուզեն այսօրուան, մեր մանուկները, Այ-փա՞տ, Այ-ֆո՞ն, թէ՞ Փի. Էս 3…

Սակայն ժամանակի ընթացքին մանուկները Կաղանդ պապայէն խնդրած են ուրիշ տեսակի նուէրներ, որոնց մէկ մասը տակաւին մինչեւ այսօր մեծ հաճոյք կը պատճառէ մեր մանուկներուն:

Քուրջէ թագուհի մը

Միացեալ Նահանգներու մէջ խաղալիքներու աստղը Ռակըտի Անն է: Այս քուրջէ պուպրիկը տարօրինակ դէմք մը ունի եւ կարմիր բուրդէ մազեր: Ճոնի Կրուէլ զայն ստեղծած է 1915-ին իր աղջկան` Մարսելլայի համար: Ան գծած է պուպրիկին գնդիկի նման աչքերը, եռանկիւն քիթը: Այս խաղալիքը այնքան սիրուեցաւ, որ Ճոնի Կրուէլ զայն գիրքի վերածեց: Պուպրիկը կեանք կ՛առնէ, երբ մարդ արարածները իրենց կռնակը կը դարձնեն, եւ մեծ արկածախնդրութիւններ կ՛ապրի իր եղբօր` Անտիին հետ:

«Պաազզ» ընող մեղուն

Պազզի Պին ալ նոյնքան ծանօթ է… Նոր Զելանտայի մէջ: Ան ծնած է Օքլանտի մէջ, 1948-ին, շնորհիւ Հեքթըր եւ Ճոն Ռամզի եղբայրներուն: Ան կը գտնէ անմիջական յաջողութիւն, որ տակաւին մինչեւ այսօր կը շարունակուի: Ան մաս կը կազմէ երկրին մշակոյթին` Քիուիանայի: Իւրաքանչիւր նորզելանտացի մանուկ իր մանկութեանը ստացած է պզտիկ Պազզի Պի մը: Ասիկա աւանդութիւն է: Մեղուն իր ետեւէն կը քաշեն պարանի մը շնորհիւ, եւ երբ ան կը սահի, փայտը ձայն կը հանէ, անոր շօշափուկները եւ թեւերը կը շարժին: Անիկա շատ գործօն մեղու մըն է:

«Վերի Պրիթիշ» արջուկ մը

Փատինկթըն արջուկը անգլիացի է: Աւելի ճշգրիտ ըլլալու համար` լոնտոնցի: Ան միշտ հին գլխարկ մը դրած է գլխուն, ձգախէժէ կրկնակօշիկներ եւ բուրդէ վերարկու մը. ան ամէն տեղ իրեն հետ կը պտտցնէ իր հին պայուսակը: Ան ծագումով Փերուէն է. անգլիացի փոքրիկները զայն շատ կը սիրեն. մանուկներուն նման` արջուկը կը փորձէ շատ քաղաքավար ըլլալ եւ անուշ ուտել շատ կը սիրէ: 1956-ի Կաղանդին գրագէտ Մայքըլ Պոնտ կը տեսնէ խաղալիքէ արջ մը` խանութի մը դարանին վրայ լքուած: Ան կը տխրի այդ մինակ մնացած արջուկը տեսնելով եւ կ՛որոշէ զայն տուն տանիլ եւ իր կնոջ նուիրել: Ան արջուկը կ՛անուանէ Փատինկթըն, որ իրենց տան մօտ գտնուող մեթրոյի կայարանին անունն է: Ապա ան կը դառնայ գիրքի մը հերոսը, որ 1972-ին կը վերածուի խաղալիքի, ապա` շարժուն գծանկարի:

Կերպընկալէ քարերով

Լեկօ բառը եկած է դանիերէն լեք կոտթ նախադասութենէն, որ կը նշանակէ «լաւ խաղայ»: Դանիոյ մէջ հիմնուած այս ընկերութիւնը նշանաւոր դարձած է 1958-ին` շնորհիւ կերպընկալէ պզտիկ քարի մը, զոր կարելի է անվերջօրէն ուրիշներու հետ միացնել, զատել, ուրիշ ձեւով անցընել… Անիկա երկու անգամ ստացած է «Դարու խաղալիք»-ի տիտղոսը եւ դարձուցած այս ընտանեկան հաստատութիւնը` աշխարհի խաղալիքներու չորրորդ ամէնէն մեծ գործարանը: Անոր ընկերացող պզտիկ մարդուկներուն հետ միասին, լեկոներուն նպատակն է բացայայտելու իւրաքանչիւր պզտիկի մէջ պահուած ապագայ շինարարը: Լեկոն ունի նաեւ իւրայատկութիւն մը. բոլոր տեսակի կցումները կարելի են, որովհետեւ բոլոր քարերը իրարու կ՛անցնին: Իսկ գիտէի՞ք, թէ ընդամէնը քանի՛ քար կայ. մօտաւորապէս 3900 հատ եւ 58 գոյն… եւ անվերջ կարելիութիւններ: Իւրաքանչիւր երկվայրկեան աւելի քան եօթը տուփ լեկօ կը ծախուի աշխարհի մէջ: Այս ձեւով 1958 թուականէն ի վեր աւելի քան 485 միլիառ կտոր ելած են գործարաններէն…

Պզտիկ, սակայն զօրաւոր կապարագործ մը

Վիտէօ խաղերու ընտանիքին մէջ աստղը պզտիկ, իտալական ծագումով ամերիկացի պեխաւոր կապարագործ մըն է: Ան միշտ հագած է կապոյտ սալոփեթ մը եւ գլխուն դրած է կարմիր գլխարկ մը: Անոր անունը` Մարիօ: Ան 1983-ին Նինթենտոյի ստեղծած առաջին խաղերուն հերոսն է: Անոր ճափոնցի ստեղծագործները յեղաշրջած են վիտէօ խաղերու աշխարհը` խաղցողին առաջարկելով իսկական արկածախնդրութիւն մը ապրիլ  եւ ոչ միայն թիւեր շահիլ մրցանիշ մը կտրելու համար, ինչպէս էր պարագան այդ ժամանակաշրջանին խաղերուն: «Սուփըր Մարիօ Պրոս» կ՛ընդգրկէ նաեւ իսկական տեսարաններ («աշխարհներու», որոնք կրնան ըլլալ ստորերկրեայ, բեւեռային, երկնային, ընդծովեայ), եւ` յաղթահարելիք փորձեր, որովհետեւ Մարիօ պէտք է ազատէ իշխանուհի մը: Ան շատ քիչ միջոցներ ունի իր տրամադրութեան տակ. ան կը վազէ եւ կը ցատկէ, եւ նոյնիսկ երբեմն կրնայ կախարդական սունկեր ուտել ուժ առնելու համար եւ տարբեր մակարդակները աւելի դիւրութեամբ անցնելու համար: Իսկական աստղ, հակառակ իր տարիքին, աւելի քան 40 միլիոն օրինակներով, «Սուփըր Մարիօ Պրոս» աշխարհի մէջ ամէնէն շատ ծախուած երկրորդ վիտէօ խաղն է:

 

ԶԲԱՂԻՆՔ

ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԳԻՇԵՐԸ

Ահա հաճելի գաղափար մը`
Նոր տարուան գիշերը խաղալու համար:

Սեղանին շուրջ նստելէ առաջ իւրաքանչիւր անձէ խնդրէ, որ թուղթի մը վրայ գրէ Նոր տարուան որոշում մը, զոր կը մտադրէ իրականացնել տարուան ընթացքին:

Ապա իւրաքանչիւր թղթիկ պահէ պնակի մը տակ:

Ճաշի ընթացքին իւրաքանչիւր անձ պէտք է գիտնայ, որո՛ւ կը պատկանի իր պնակին տակ գտնուող որոշումը` հարցումներ հարցնելով կամ նշաններով:

Պատասխաններ, ճաշէն ետք…

 

 

ՁԵՌԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

«ՔՐԻՍՄԸՍ ՔՐԱՔԸՐ»

«Քրաքըր»-ի մը մէջ կան պզտիկ կատակ մը, պզտիկ խաղալիքներ եւ թուղթէ թագ մը: Անգլիոյ մէջ Կաղանդին մարդիկ իւրաքանչիւրը «Քրաքըր»ի մը ծայրէն բռնած, կը զբաղին անոր ծայրերէն քաշելով, եւ… պա՛նկ, անիկա կը պատռուի, մէջի անակնկալները կը թափին, եւ ուրախութիւնը կը սկսի:

Պէտք ունիս

Քրեփոն թուղթի (կարմիր կամ կանաչ), խաւաքարտէ փաթաթանի, փակցնելիք երիզի, պզտիկ նուէրի մը:

 

1.- Խաւաքարտէ պատատը քրեփոն թուղթին վրայ դիր (թուղթը փաթաթէն աւելի մեծ պէտք է ըլլայ):

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

2.- Փաթաթին մէջ պզտիկ կատակ մը, նուէր մը, պոնպոն մը դիր:

 

 

3.- Քրեփոն թուղթը փաթաթին շուրջ փաթթէ: Զայն փակցնելիք երիզով փակցուր:

4.- Քրաքըրը զարդարէ, օրինակի համար, վրան փայլփլուն աստղեր փակցնելով կամ Կաղանդի վերաբերեալ զարդարանքներ գծելով:

5.- Կաղանդին գիշերը ընտանիքով զբաղեցէք քրաքըրներ քաշելով:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ԺԱՄԱՆՑ

Կրնա՞ս գտնել նուէրին հասցնող ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:

Կէտ մը պարունակող բաժինները մէկ գոյնով ներկէ` գտնելու համար պահուած պատկերը:

Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր թիւի համապատասխանող տեղը տախտակին մէջ:աթին մէջ


Share this Article
CATEGORIES