ՄԵՐ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԿԱՂԱՆԴԸ

ԱՐՍԷՆ ԵՐԿԱԹ

Որքան տարբեր է մեր այսօրուան Կաղանդը հայրենի հեռաւոր կաղանդներէն: Անոնց կախարդանքը զգացող հոգիներն ալ հետզհետէ կը բացակային: Անոնց սպասումն ալ չեն ապրիր մեր զաւակները, որոնք ո՛չ ձիւն տեսած են, ոչ ալ վիշապաձայն մռունչը լսած` ամպածրար լեռներէն իջնող մրրկայոյզ քամիներուն: Չեն տեսած ծխաններէն բարձրացող սպիտակ ծուխը: Չեն տեսած ապակիներուն վրայ իրենց շունչով կազմուած պատկերները, որոնց մէջ եղնիկներ կը յայտնուէին եւ ծառեր լուսեղէն բազմաթիւ աշտանակներով: Չեն նստած մեր տղաքը ակութին մէջ ճարճատող կրակին առջեւ, ո՛չ ալ գաղափար ունին այն գեղեցիկ հեքիաթներուն մասին, զորս մամիկները կը պատմէին մեզի:

Որբերու Կաղանդն իսկ այն ատեն, մեր մանկութեան հին օրերուն, ցաւագին հմայք մը ունէր: Տունէն դուրս, դաշտերուն եւ պարտէզներուն վրայ կ՛իջնէր ձիւնը. աղբիւրները սառած կ՛ըլլային եւ գիշերուան շրջմոլիկ աղջիկը իր արծաթաշող դէմքը կը դիտէր անոնց հայելիներուն մէջ:

Հիմա ձիւնը ցուցափեղկերուն մէջ կը տեսնենք. բամպակով կեղծուած ձիւնը: Հիմա սառած աղբիւրներ չկան: Կան սառած սիրտեր, որոնք չեն զգար, թէ ատենօք ի՜նչ տօն էր Կաղանդը:

Մենք որ կորսնցուցինք կեանքի ուրախութիւնը եւ չենք կրնար այլեւս վառել երազի ոսկեշող ճրագները, յուշերով միայն կը սփոփուինք:

Ահա՛ սեղանը, որուն շուրջ նստած են տունին մեծերն ու պզտիկները: Մարգրիտ մօրքուրենց հետ կը տօնէինք Կաղանդը ամէն տարի: Անոնց տան վարի յարկը կը գտնուէր այն սենեակը, ուր վառարանը դրուած էր: Անտառէն բերուած կանանչ կոճղերը կը ճարճատէին: Ծառերու ոգին էր կարծես, որ կը հեծեծէր կրակին մէջ:

Առաստաղէն կախուած լամբարին լոյսը սենեակին անկիւններուն մէջ կը հիւսէր ստուերներու դողդոջուն բջիջներ: Մովսէս մենծ աղան չայի մութ եւ թանձրահոս գինին կը լեցնէր գաւաթներուն մէջ, կանաչ փարջէ մը, որ սերունդէ սերունդ փոխանցուած` անցելանոյշ խորհուրդ մը ունէր հիմա: Տարին քանի մը անգամ միայն պահարանէն դուրս կը հանուէր այդ փարջը, որուն հպած էին քանի՜ պապերու այժմ հողացեալ ձեռքերը:

Երբ մամիկս գինիի բաժակը կը վերցնէր, բոլորս ալ ակնածանքով մեր աչքերը կը յառէինք անոր եւ շրթունքներէն կախուած կը սպասէինք:

Օրհնութեան եւ մաղթանքի խօսքեր, որոնց արձագանգը հոգիիս մէջ դեռ կ՛երկարի: Մամիկիս աչքերը կը լեցուէին արցունքով, երբ կը ժպտէր մեզի:

Այն ատեն, տունին մեծերը, Ամասիոյ աղջիկներուն թուշերուն պէս կարմիր խնձորները կը ծածկէին արծաթեայ դրամներով եւ կը կաղնդէին մեզ` պզտիկներս:

Թագաւորի տղաներ եւ աղջիկներ էինք: Այն գիշեր ո՞վ կար մեզմէ աւելի հարուստ: Սեղանը չէր, որ կը գրաւէր մեր հոգին իր ճոխութեամբ: Մենք տիրացած էինք գանձի մը, որ անսպառ ըլլալ կը թուէր:

Ի՞նչ է մնացած այսօր այդ գանձէն: Կրնա՞նք մեր զաւակներուն տալ մաս մը անկէ: Կրնա՞նք անոնց առջեւ բանալ Կաղանդի սեղան մը` նման անոր, որուն շուրջ բոլորուեցաւ մեր մանկութիւնը: Յուշերը բաւական չեն, որ մենք վերստեղծենք անցեալը իր անայլայլ պատկերով: Եւ յետոյ մեր անցեալը ի՛նչ չափով կը հետաքրքրէ զանոնք:

Նոր հողով, օտար քարով շինեցինք մեր տունը, որուն պատերուն ետեւ մեր մամիկներուն պաշտած Աստուածամարը չի ժպտիր, այլ Հոլիվուտի խարտիշահեր աղջիկ մը: Ի՞նչ որ ալ ընենք, չենք կրնար հինին նմանցնել մեր այսօրուան Կաղանդը:

Բայց գոհանա՛նք այսքանով ալ:

Բոլորուի՛նք սեղանին շուրջ ամբողջ ընտանիքով: Վառե՛նք գոյնզգոյն մոմերը, որպէսզի Յոյսի ծիածանը իր ծիրանի գօտին կապէ միշտ մեր օրերու երկնքին մէջ: Յիշե՛նք անոնք, որ պիտի ուզէին իրենց տեղը ունենալ հոս այս գիշեր, եւ որոնք հիմա իրենց խնկաբոյր ձեռքերով կամար են կազած մեր գլուխներուն վերեւ: Աշխարհը մերն է այնքան, որքան իրենցը. քանի որ յաւիտենութիւնը կարելի է սրտայոյզ յիշատակով մը ծաղկեցնել:

Գինի. կրակ. մոմերուն պլպլուն շողը: Ունինք ամէն ինչ, որ հին Կաղանդին խորհուրդը կը կազմէր: Դեռ կան անցեալը ներկային միացնող տարիքոտ մարդիկ, պառաւներ եւ ծերունիներ, որոնք օրհնութիւն են ամէն տունի մէջ:

Հակառակ ամէն բանի` կեանքը կը մրմնջէ միշտ մեր ականջներուն իր հրաշալի խոստումները: Հաւատա՛նք անոնց: Եթէ մինչեւ իսկ մեզմէ ոմանք մեկնած ըլլան «Էնդի դէմ»-ի աշխարհը, շատերը դեռ հոս ներկայ պիտի ըլլան այդ խոստումներուն յարգուած օրը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES