ՈՐՊԷՍԶԻ ՀԱՄԱԴՐՈՒԻՆ ՈՒԺԵՐԸ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՆԵՐԴԱՇՆԱԿՈՒԻՆ ՔԱՅԼԵՐԸ
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
2011-ը կը փակենք, ազգային-քաղաքական գետնի վրայ, դրական հաշուեկշռով:
Թէեւ ընկրկումներ արձանագրուեցան 2011-ին եւս, բայց ձեռքբերումները գերակշռեցին:
Անշուշտ` յարաբերական առումով:
Բաղդատաբար 2010-ին, հայ ժողովուրդը 2011-ին յառաջխաղացք արձանագրեց որոշապէս Հայ դատի պահանջատիրութեան ճակատին վրայ:
Տարի մը առաջ լուրջ դժուարութիւն ունէինք զիրար հասկնալու եւ, մանաւա՛նդ, Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները տարհամոզելու, որ «Հայեւթուրք արձանագրութիւն»-ն ու զայն կեանքի կոչող «Ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը» ի սկզբանէ անհեթեթ էին ու դատապարտուած` ցնորք մնալու, այլեւ` վնասելու Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն:
Անկասկած այսօր ալ, 2011-ի աւարտին եւս, դժուար է վերջնականապէս փակուած համարել հայ քաղաքական միտքը երկփեղկող ներքին այդ վէճը, որովհետեւ տակաւին պարբերաբար լսելի կը դառնան Թուրքիոյ նորօրեայ իշխանութիւններէն դրական շրջադարձ ակնկալելու պաշտօնական Երեւանի լաւատեսական զեղումներն ու անհող խանդավառութիւնները:
Այսուհանդերձ, դրական տեղաշարժ մը բացայայտ է: Նուազած է հայեւթուրք յարաբերութեանց բնականոնացման, բարի-դրացիութեան եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան վերաբերեալ բռնազբօսիկ ճարտասանութիւնը: Ընդհակառա՛կն, շեշտուած է թրքական ուրացումներուն ու կողմնակալութեան (ի նպաստ Ազրպէյճանի) դէմ դատապարտումի վարքագիծը եւ հայ քաղաքական միտքը, իր գլխաւոր թեւերով, այս կամ այն չափով լծուած է Թուրքիոյ վրայ պահանջատիրական ճնշումը ուժեղացնելու զօրաշարժին:
Այդ իմաստով մեծապէս ուսանելի եղաւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովին դեկտեմբեր 22-ի պատմական նիստը, որ հակառակ Թուրքիոյ իշխանութեանց ջղագար միջամտութիւններուն եւ սպառնական հակազդեցութեանց` վաւերացուց Ցեղասպանութեան (այդ կարգին նաեւ ու մանաւանդ` հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ գործադրած ցեղասպանութեան) ժխտումը քրէական յանցանք հռչակող օրինագիծը:
Մարդկային իրաւանց, ազատութեանց եւ արդար դատերու պաշտպանութեան մարզին մէջ Ֆրանսա յառաջապահի ու դրօշակիրի անվիճելի վաստակ ունի: Հետեւաբար անակնկալ մը չէր դեկտեմբեր 22-ին Ֆրանսայի ցուցաբերած հաստատակամութիւնը:
Բայց միայն անցեալի աւանդով չի բացատրուիր Ֆրանսայի Ազգային ժողովին խիզախ կեցուածքը, որ թրքական իշխանութեանց սպառնալիքները արհամարհելու եւ միջպետական շահաւէտ գործակցութիւնները վտանգելու գնով` կառչած մնաց Ցեղասպանութեան ժխտումը իբրեւ քրէական յանցանք պատժելու օրէնսդրական քայլին:
Անշուշտ նախընտրական տարի է Ֆրանսայի համար ու նախագահ Սարքոզի եւ իր կուսակցութիւնը կ՛ուզէին սիրաշահիլ ֆրանսահայ քուէները: Նաեւ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները շահագրգռուած էին հայկական քուէներուն բաւարարութիւն տուող նման օրինագծի մը վաւերացումով:
Կարելի չէ բացառել, նաեւ, որ նոյնինքն Ցեղասպանութեան ժխտումին հետ ուղղակիօրէն կապ չունեցող քաղաքական պատճառներ այլապէս դեր ունեցած ըլլան թուրքեւֆրանսական յարաբերութեանց այսօրինակ լարումին եւ վատթարացման մէջ: Քաղաքական մեկնաբաններուն կը մնայ յստակացնել, թէ այս անգամ Ֆրանսա ինչո՛ւ ճշդեց այս աստիճան կարծր կեցուածք: Ի վերջոյ անցեալին պատահած են բազում դէպքեր, երբ արդար դատերու նոյն ջերմեռանդ պաշտպան Ֆրանսան իր բարոյական եւ գաղափարական դիրքերէն նահանջ արձանագրած էր` յանուն իր միջպետական շահերուն պաշտպանութեան:
Այս բոլորէն մեկնելով է, որ հայ քաղաքական միտքը կրնայ անհրաժեշտ դասերը քաղել:
Ֆրանսայի հաստատակամութիւնը վստահաբար շատ բան պիտի կորսնցնէր իր ուժականութենէն, եթէ Հայաստանի իշխանութիւնները շարունակէին հետեւիլ 2008-էն ետք որդեգրուած նախագահ Սարգսեանի «ծրագրային ուղեգծին»` Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու «բնականոնացման» ուղղութեամբ…
Ցեղասպան Թուրքիոյ նկատմամբ Հայաստանի իշխանութեանց զիջողական քաղաքականութիւնը փաստօրէն լուրջ վնաս հասցուց Հայ դատի պահանջատիրութեան: Ոչ միայն Ֆրանսան, այլեւ ընդհանրապէս միջազգային ընտանիքը նորովի թափ տուին Թուրքիան դարպասելու վարքագծին, որ բառին քաղաքական իմաստով գինովցուց վարչապետ Էրտողանն ու անոր կառավարող կուսակցութիւնը:
Թուրքիան տխրահռչակ հայեւթուրք արձանագրութիւնը անվերջ չարաշահեց եւ ծառայեցուց Հայաստանն ու հայութիւնը անձնատուութեան մղելու իր քաղաքականութեան: Հայասպանութեան համար ամբողջ տասնամեակներ անպատիժ մնալէ ետք, ցեղասպանը նաեւ իր ուրացումներուն ու ժխտումներուն ի նպաստ ձայնակցողներ գտաւ միջազգային բեմին վրայ: Այն աստիճան, որ շրջանային իր դերակատարութեան ուռճացումին ի սպաս շահարկել սկսաւ «հաշտարար» եւ «խաղաղարար» ուժի իր կեղծ «բարի վարուց վկայագրերը»… աջին ու ձախին դէմ սուր ճօճելու համար:
Մինչեւ որ դանակը հասաւ Ֆրանսայի ոսկորին:
2011-ի հաշուեկշիռը այս աստիճան դրական եւ ուսանելի արդիւնք ունեցաւ հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական կեանքին մէջ:
Թուրքիան փաստօրէն մերկացաւ իր պսպղուն հանդերձանքէն եւ ցեղասպանի իր ողջ կամակորութեամբ ներկայացաւ հանրային կարծիքին:
Կը մնայ, որ հայ քաղաքական միտքը տէր կանգնի արձանագրուած յաջողութեան, որպէսզի համադրուին աշխարհասփիւռ հայութեան ուժերը, եւ որպէսզի ներդաշնակուին Հայ դատի յաղթանակին առաջնորդող պետական թէ քաղաքական բազմամակարդակ մեր քայլերը:

