ԱՄԱՆՈՐԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊՈՒԿԻՆ ԱՆԱՒԱՐՏ ՄԱՂԹԱՆՔՆԵՐԸ

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ    

Օրինազանց չենք մեր դատումին մէջ, երբ համաշխարհային կերպարի մը` Կաղանդ պապուկին նկատմամբ կ՛արձանագրենք նման արտայայտութիւններ:

Գիտնալով հանդերձ, որ անոր պարփակած խորհուրդին մէջ կ՛արկայծեն մարդկային առաքինութիւններու ամենավսեմ առանձնայատկութիւնները:

Կը գտնուի հոն, ուր պէտք է ստեղծուին ուրախութիւններու փառատօն, ներկայ է ամէն տեղ, երբ ականջալուր ենք իրերօգնութեան նուիրական աշխատանքներու:

Մարդասէրի իր առաքելութեամբ վարակիչ է ան, երբ հաւաքաբար հետամուտ ենք սէր ու ժպիտ, կարեկցանք եւ հոգատար վերաբերումներ բաշխելու ամէնուրեք:

Զոհաբերութեան եւ խանդաղատանքի խորհրդանիշ է ան` յանուն մարդկային արժանիքներու պահպանման ու ծաղկումին:

Յայտնապէս տօնական օրերուն անոր ծանրախոհ ու վեհաշուք ներկայութիւնը, ալեհեր մօրուսին ետին թաքնուած շողշողուն եւ կարմրորակ այտերը, կորովով լիացած բաբախուն սիրտը, վեհանձնութեամբ թաթաւուն ներաշխարհն ու մանաւանդ` բարձրաթռիչ խանդավառութիւնը կեանքի փարոսներ են` յոյսով եւ մաղթանքներով առլցուն:

Իրօք, դարերու խորերէն ժառանգուած ու մարդկային ապրումներու գեղեցկութիւնը շալակած համամարդկային այս տիպարին ճանապարհը թէեւ լուսաշող, այդուհանդերձ դառն օրերու եւ տհաճ ժամանակներու վկան է դարձած կեանքով զեղուն անոր մաղթանքներուն անաւարտ ըլլալու իրողութեան դէմ յանդիման:

Այլ խօսքով, հեզահամբոյր եւ կարօտագին Կաղանդ պապուկի մաղթանքներու դիմաց, անարդիւաւէտ կեանքի մը պատկերին մղձաւանջն է, որ կ՛ապրինք հաւաքաբար, երբ ականատես կը դառնանք թախծոտ եւ սնամէջ առօրեայ սովորութիւններու եւ ապրելակերպերու:

Ընդգծում մը:

Խորքին մէջ անհատական կեանքի մակարդակին պատահած խաժամուժ երեւոյթներու եւ ապաբարոյ վերաբերումներու մասին չէ խօսքը, որքան հաւաքական մեր կեանքին մէջ արձանագրուած այնպիսի ձաւագար եղելութիւններու, որոնց գծով ամրապնդելու ենք անաչառ դատողութիւններու փայլքը եւ պինդ կեցուածքներու պատուանդանը:

Փաստօրէն, գաղութահայ կեանքի մէջ արդէն կը տողանցէ խայտաբղէտ եւ աննպատակ օրակարգերու շարանը, որոնք, թէեւ մեզ կը մղեն համոզուելու, թէ աշխուժ կեանքի մը ցոլքերն են առհասարակ, սակայն, խորասոյզ պտոյտով մը  հասկնալի կը դառնայ անոնցմէ իւրաքանչիւրին  բովանդակութեան եւ արդիւնաւէտութեան իմաստը, կը յստականայ բազմաթիւ թերութիւններու եւ հապճեպ դասաւորումներու ամբողջ հարթակը:

Ըսել ուզուածը, պարզ ու մեկին, այն է, թէ` այսուհետեւ գաղութներու կեանքին մէջ արձանագրուած ամէն բացթողում եւ ապիկար վարքագիծ` ծառայութիւնն է այն պատուհասին, որմէ կը տառապինք տասնամեակներէ ի վեր` ձուլումի,  ինքնագոհութեան, փառամոլութեան, ցուցամոլութեան եւ ապազգայնացումի խենեշ փորձութիւններու դէմ յանդիման:

Ի դէպ, նման յստակեցումներու շարժառիթը նոյնինքն վերանկախ հայրենիքի եւ պետականութեան վերականգնումն է 20-ամեայ իր պատմութեամբ եւ վաստկած փորձառութեամբ:

Արդարեւ,

Այս բոլորին մէջ շեշտելին մէկ կողմէ  զգաստութեան հրաւէրն է` անդրադառնալու, ըմբռնելու եւ միանգամընդմիշտ համոզուելու, թէ գաղութահայ մեր իրականութեան համար, ինչքան ալ ոգեւորիչ ըլլան տարուած աշխատանքներն ու ստեղծուած մթնոլորտները, միւս կողմէ, անոնք սոսկ անմիջական եւ զգացական աշխարհի դեգերումներ են` մղուած որոշակի գիտակցութենէ եւ յանձնառութենէ, որուն համար ալ միշտ արձանագրուած են երախտագիտական խօսքեր եւ զգացումներ:

Այսուամենայնիւ, հայապահպանումի բոլոր նուիրական գործունէութիւններու դիմաց` ա՛լ ժամն է հնչած, որ ինքնանպատակ վարուելակերպերու եւ անհեռանկար գործելաոճերու աւարտին ազդանշանը ամրագրենք, որպէսզի համազգային մեր տենչերուն եւ հետագայ մարտահրաւէրներուն դէմ կանգնելու ազգային ռազմավարութեան շունչը աւետենք նորահաս սերունդներուն, որոնք ակնդէտ կը սպասեն նման վարքագծերու իրականացման, տրամադրութիւններու եւ խոհական գիտակցութեան բոցկլտումին:

Պիտի ըսուի, թէ ամանորեան մաղթանքներու այս առիթով ինչո՛ւ առնչել մարդկային ուրախ տրամադրութիւններու մթնոլորտի

ամբողջ տեսադաշտը ազգային կեանքին ու առաձնապէս հայ  պետական կարգ ու սարքին:

Նման հարցադրումի անմիջականութիւնը ընդունելով հանդերձ, յաճախ ամէն քայլափոխի հարկ է շեշտադրել, որ հայ ժողովուրդի պատմութեան ներքին թելադրութիւնը ստէպ ինքզինք կը պարտադրէ, աւելի՛ն. կը պարտաւորեցնէ ունենալու արդար, խաղաղ, կենսուրախ, յառաջադէմ, ինքնավստահ, անվտանգ, ապագայակերտ  եւ բարօր կեանք մը վարելու հաւաքական աշխարհահայեացք մը, որուն նուիրականացումին կոչուած է հայ քաղաքական միտքը իր տարբեր ու այլազան բնագաւառներու արտայայտութեամբ` պետականութեան հովանիին ներքեւ:

Այո՛, եթէ երբեք Կաղանդ պապուկի սրտապինդ փափաքն ու կարօտը մարդկութեան թաւալագլոր ընթացքին կասեցումն է, խեղճացած եւ փքացած կեանքի մը վերացումը, այլապէս անկարին ու թշուառին հասնելու պատրաստակամութիւնը, ապա, հայոց սիգապանծ լեռներու հարազատութիւնը ապրած մեր Կաղանդ պապուկին դարերու երազանքն է տեսնել հայրենանուէր ու հայաբոյր մտածողութիւններու առաւել ճառագայթումը, խիզախ ու յանդուգն կեցուածքներու ամրապնդումը, հայկականութեամբ յագեցած վարքագծերու ընդգրկումը եւ ապահովաբար` ամբողջական հայութեամբ միացեալ ու անկախ հայրենիքի մը կերտումը:

Արդեօք չափազանցա՞ծ կ՛ըլլանք եթէ լոյսին բերենք գաղութահայ մեր կեանքին մէջ թէ վերանկախ հայրենքի երկնակամարին տակ արձանագրուած տխուր եւ անհանգստացնող երեւոյթներն ու պատուհասները: Պատրանքներ եւ հիասթափութի՞ւն սերմանած կ՛ըլլանք եթէ թուենք արտառոց եւ ապազգային այն բոլոր վատ ունակութիւններն ու սին ապրելակերպերը, որոնք կ՛աղաւաղեն  ազգային դիմագիծի մէն մի ստորոգելի:

Ինչո՛ւ խուսափիլ արծարծելէ այն բոլոր վատառողջ եւ ազգակործան վարքագծերը, որոնց յիշատակումն անգամ սարսափի կը մատնեն իւրաքանչիւր հայորդի:

Այնուամենայնիւ, ամանորեան զուարթ եւ յուսադրիչ այս օրերուն, հայ ժողովուրդը իր բոլոր շերտերով եւ հաւաքական մտածողութեամբ կոչուած է ըստ էութեան քննութեան ենթարկելու այն բոլոր հանգրուանները, որոնցմով առաջնորդուած է ցարդ: Առանձնապէս ազգովին կանգնած ենք այն վճռորոշ պահուն դիմաց, երբ հայրենի պետականութեան ցուցաբերած ազգակերտ հայեցակարգերու առաւել ընկալումով պիտի կարենանք ապահով կերպով շրջանցել ականապատ հորիզոններն ու որոգայթները:

Հոս տեղին է ընդգծել, թէ Կաղանդ պապուկի դարերու խորերէն արձակած սրտագրաւ մաղթանքները իրենց իմաստն ու դրոշմը կը ձգեն այն ատեն, երբ մեր ազգային շտեմարանէն դուրս կը ցայտէ հայոց բագինին նուիրաբերուած շաղախին իսկութիւնը` դէմ դնելու համար թշնամական բոլոր սադրանքներուն:

Հայոց գոյութենական գուպարին սերտօրէն շաղախուած ազգային առանձնայատկութիւններու տիրական ներկայութիւնն ու առաւել ճենճերումը ժամանակակից կեանքի մեծագոյն մարտահրաւէրն է առհասարակ, որպէսզի նորահաս սերունդին համար ազատասիրութեան, հայրենասիրութեան, հայասիրութեան եւ նուիրաբերումի ամէնէն վսեմ զգացողութիւնը դառնայ բոցավառ ատրուշան` հետագայ գործունէութիւններու ձեւաւորման ի խնդիր:

Բացառաբար եւ առանց երկմտանքի հարկ է բարձրագոռ աղաղակել` յանուն ազգային մեր տենչերուն, թէ հայ ժողովուրդի ամանորեան մաղթանքներու շունչ ու ոգի տուող հայոց Կաղանդ պապուկի դարաւոր երազանքը կը մնայ անաւարտ, երբ մարդկութիւնը համակ չի խոնարհիր Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին առջեւ, կը շարունակէ խուլ մնալ արդարադատութեան դիմաց եւ առանց խղճմտանքի պաշտպանել բարբարոս ամէն նկրտում:

Մեր կարգին` միացեալ ու ամբողջական հայրենիքի կերտումին ընդառաջ, ամէն պարտութիւն, բացթողում եւ անարդիւնաւէտ աշխատանք, մեզ` հաւաքաբար պէտք է, որ պարտաւորեցէ յառաջադէմ մտածողութեամբ եւ ինքնավստահ քայլերու ուղեկցութեամբ շարունակելու ազգային գոյամարտը, ըլլալու արժանի ժառանգորդը նախնեաց կտակին ու նպաստելու հեռակայ առաջադրանքներու կենսագործումին:

Հայոց Կաղանդ պապուկին հաւատամքին դիմաց  կը մնայ, որ արժանաւորապէս ուխտենք` ըլլալ անոր առաքինի եւ մարդասէրի յատկութիւններուն պաշտպան ու պահապան ժառանգորդները, իր աւարտին հասցնելու ազգային մաղթանքներու ամբողջութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES