«ԿԻՒԼ ՊԷՏՔ Է ՀԵՌԱՆԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ՔԸԼԸՃՏԱՐՕՂԼՈՒ
Ազրպէյճանական «ՍալամՆիուզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու յայտարարած է, որ անհրաժեշտ է անյապաղ յստակացնել Թուրքիոյ նախագահի լիազօրութիւններու ժամկէտի հարցը:
Քըլըճտարօղլու նշած է, որ այդ հարցը շատ կ՛անհանգստացնէ նախագահը: «Նախագահական ընտրութիւններուն առնչութեամբ ռազմավարութիւնը կ՛որոշէ մէկ մարդ` վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: Ան կ՛որոշէ նախագահի պաշտօնավարութեան ժամկէտը: Ահա թէ ո՛ւր է հարցը», ըսած է ան:
Քըլըճտարօղլու աւելցուցած է, որ Թուրքիոյ մէջ ժամանակակից ըմբռնողութեամբ ժողովրդավարութիւն գոյութիւն չունի: «Սկիզբը կ՛ըսէին, թէ նախագահը պիտի հեռանայ 1,5 տարիէն, յետոյ ըսին 7 տարիէն: Թէ ինչ կ՛ըսեն վաղը, յայտնի չէ: Նախագահի պաշտօնավարութեան ժամկէտը հինգ տարի է: Ապտիւլլա Կիւլ պէտք է հրաժարական տայ պաշտօնավարութեան հինգ տարին աւարտելէն ետք: Ան այդպէս պէտք է վարուի, որովհետեւ սահմանադրութիւնը այդպէս կը պահանջէ», ըսած է ան:
Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած ընդդիմադիր կուսակցութիւնները կը պահանջեն, որ 2012-ին Թուրքիոյ մէջ նախագահական ընտրութիւններ տեղի ունենան` հաշուի առնելով այն, որ 2007-ին երկրի սահմանադրութեան մէջ կատարուած փոփոխութիւններուն համաձայն, նախագահի պաշտօնավարութեան ժամկէտը 7-էն 5 տարիի նուազած է:


