ԸՍՏ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ 84 «ԷՖ-15» ԿՈՐԾԱՆԻՉՆԵՐ ԳՆԵԼԸ ՊԱՇՏՊԱՆՈՂԱԿԱՆ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՊԱՀՈՎԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ Է

«Էֆ-15» տիպի ամերիկեան կործանիչ մը

Սէուտական Արաբիա յայտարարեց, որ որոշած է «Էֆ-15» տիպի կործանիչներ գնել` «իր ժողովուրդն ու տարածքը պաշտպանելու նպատակով» իր զինեալ ուժերուն «պաշտպանողական լաւագոյն կարելիութիւններ» ապահովելու համար:

Սէուտական պաշտպանութեան նախարարութենէն աղբիւր մը սէուտական պետական լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու հետ կնքուած այս համաձայնութիւնը կը բխի սէուտական ուժերուն պաշտպանութեան լաւագոյն կարելիութիւն ապահովելու Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա Ապտել Ազիզ թագաւորի նախանձախնդրութենէն:

Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը հինգշաբթի օր յայտարարած էր, որ մինչ Իրան Հորմուզի նեղուցը փակել կը սպառնայ, 84 ամերիկեան կործանիչներ Սէուտական Արաբիոյ ծախելու համաձայնութիւնը կը փոխանցէ «ուժեղ պատգամ» մը, թէ Միացեալ Նահանգներ Ծոցի ապահովութեան նախանձախնդիր են:

Share this Article
CATEGORIES