«ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ-ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է» ՇԵՇՏԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ

Նախագահ Սլէյման եւ Սուրիոյ դեսպանը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ շնորհաւորեց լիբանանցիները եւ Նոր տարուան առիթով իր լաւագոյն բարեմաղթութիւնները ուղղեց անոնց:

Նախագահ Սլէյման մաղթեց, որ 2012-ը ըլլայ ուրախութեան եւ կայունութեան տարի մը, որուն ընթացքին կարելի ըլլայ նաեւ յաջողցնել լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը, հակառակ շրջանին մէջ տիրող իրարանցումի իրավիճակին:

Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ այս տարուան աւարտով կ՛աւարտի նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին Լիբանանի նախագահութեան նստաշրջանը: Այս առիթով նախագահ Սլէյման դրուատեց ՄԱԿ-ին մէջ լիբանանեան պատուիրակութեան ջանքերը:

Նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-սուրիական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց երկկողմանի համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը` պահպանելու համար Լիբանան-Սուրիա սահմանային անվտանգութիւնը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ ծագումով լիբանանցի ֆրանսացի երեսփոխան Էլի Ապպուտը:

Հանդիպումին ընթացքին Ապպուտ նախագահ Սլէյմանին ներկայացուց հիւանդանոցային մարզին մէջ լիբանանեան – ֆրանսական գործակցութիւնը բարելաւելու նպատակով իր ջանքերը:

Նախագահական պալատին այցելուներէն եղան նաեւ նախկին նախարար Խալետ Քապպանի եւ Ազգային ճակատ կուսակցութեան նախագահ Էռնեսթ Քարամ:

Share this Article
CATEGORIES