ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ ԱՅՑԵԼԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆԻ

Նախագահ Սլէյման եւ երեսփոխան Բագրատունի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները` ընդգծելով լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը վերսկսելու անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումին աւարտին նախագահ Սլէյման եւ երեսփոխան Բագրատունի շնորհաւորեցին զիրար Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդին առիթով:

 

Share this Article
CATEGORIES