ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ԱԿՆԿԱԼԻՔՆԵՐ` ԻՆՔՆԱՔՆՆԱՐԿՄԱՆ ԿԱՐԳՈՎ

Փակուող-բացուող տարիներու այս ժամանակահատուածին, եթէ սովորական խօսքեր պիտի յանձնենք թուղթին, լուսարձակի տակ բերելու համար, թէ ինչե՛ր յաջողեցանք իրականացնել եւ ի՛նչ տեսակ դժուարութիւններու հանդիպեցանք, անկեղծութեան պակաս մը զգալի պիտի դառնայ մեր եւ մեր ընթերցողներուն միջեւ: Պէտք է բաժնել այն մտահոգութիւնները, զորս ապրեցաւ մեր խմբագրակազմը անցնող տարուան ընթացքին. անոնք յամենայն դէպս միայն ընթացիկ տարիով չեն սահմանափակուիր:

Ճիշդ է, որ գոհ ենք, որ տարբեր ծրագիրներ յաջողեցանք իրականացնել շնորհիւ նուիրատուներու այն փաղանգին, որ կանգնեցաւ մեր կողքին ամէն անգամ, որ «Ազդակ»-ի վերաբերեալ նոր ծրագիրով մը ներկայացանք իրենց: Անոնց անսակարկ ընդառաջումը, բարոյական մեծ զօրակցութիւն է մեր թերթի բոլոր աշխատակիցներուն համար:

Նիւթական տագնապը սակայն, մղձաւանջի վերածուեցաւ թերթի վարչական աշխատանքներուն համար: Գոյակռիւ էր ուղղակի այն, որ տարուեցաւ թերթի տպագիր տարբերակի տպաքանակը առնուազն կայուն պահելու համար: Արտակարգ միջոցներ, դիմումներ, յատուկ սակագիներու առաջարկներ մնայուն վարքագիծի վերածուեցան թերթի վաճառքը կարելիութեան սահմաններուն մէջ կայուն պահելու համար: Շուկայական ներկայ քերականութիւնը եւս առիթ չտուաւ, որ մագլցողական զարգացում արձանագրող սղաճին դիմաց կարելի ըլլայ զարգացնել նաեւ ծանուցումներու բաժինը: Ծանուցումներու ոչ ակնկալուած չափը, որոշ մերժումները, գանձումներու դժուարութիւնները եկան դժուարացնելու գործը:

Նախադրեալները ցոյց կու տան, որ այս դաշտին մէջ մեծ ոստումներ ապահովելու հնարաւորութիւնները բարձր չեն: Յամենայն դէպս գոյակռիւը շարունակելու տրամադրուածութիւնը բարձր է, եւ կը նախատեսուի յատուկ աշխատանք կեդրոնացնել թերթի տպագիր տարբերակի հասանելիութիւնը առաւել բարձրացնելու եւ շուկայական բաժինին մէջ նոր կէտեր արձանագրելու:

Այո՛. գոհունակութիւն կը պատճառէ, որ զանազան վկայութիւններու հիմամբ թերթի բովանդակութիւնը արձանագրած է ընդգրկուածութեան նկատառելի տարողութիւն: Թէ՛ աշխարհագրական եւ թէ՛ գաղափարական առումներով Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքեան տարբեր շրջաններէ տարատեսակ ստորագրութիւններու երեւումը «Ազդակ»-ի էջերուն այդ հաստատումին ցուցանիշներէն մէկն է: Խնդիրը սակայն առողջ բանավէճի բացակայութիւնն է: Այս մշակոյթը հեռու է կայացած ըլլալէ: Այլընտրանքային մտածողութիւնը անուղղակի է, տարբեր տեսակէտներու երեւումը չ՛ենթադրեր անպայման միեւնոյն հարցին շուրջ օրաթերթային կլոր սեղանի կազմակերպում, ինչ որ անհրաժեշտ է: Մեր հաւաքական կեանքը սրբագրելու միտուած առողջ քննադատութեան մտայնութիւնը ինքզինք տարածելու տեղ չէ գտած տակաւին մեր մօտ:

Ճի՛շդ է, որ մշակութային բովանդակութեամբ մնայուն նիւթեր` թէ՛ միջազգային եւ թէ՛ ազգային առումով  կանոնաւոր յաճախականութեամբ կ՛երեւին մեր էջերուն մէջ, այսուհանդերձ մեր գաղութային մշակութային կեանքի առարկայական գնահատականի բաժինը կը պակսի մեզի: Ի պահանջեալ հարկին մշակութային այս կամ այն ձեռնարկը, որ ակնկալուած որակը չէ յաջողած նուաճել, չ՛արժանանար մասնագիտական քննադատութեան. թերթը տակաւին չէ յաջողած բաւարարել տեղին կատարուող քննադատութեան մը ստեղծած անտեղի զգայնութիւնները հաշուի չառնելու մասնագիտական պահանջը: Անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի նաեւ մեր էջերը աւելի կենդանի, ինքնուրոյն, լրագրական հմտութեամբ եւ անմիջականութեամբ յատկանշուող նիւթերով խմբագրելու:

Խմբագրականներն ու առաջնորդող յօդուածներ մնայուն փորձի մէջ են համահայկական հնչեղութիւն ունեցող քաղաքական հարցերուն հետ քայլ պահելու: Կը նկատուի սակայն, որ ժողովրդային առումով անմիջական եւ կենցաղային սուր խնդիրներու վրայ մեր բացած լուսարձակները նեղ են եւ հազուագիւտ:

Գաղութային իրադարձութիւններու թէ ընդհանրապէս հայ իրականութեան մասին լուրեր թողարկելու օրաթերթէ մը պահանջուած արագակշռոյթ ընթացքը կը բաւարարէ մեր ընթերցողները: Խոցելին, աքիլեսեան կրունկը կը մնայ լեզուական խնդիրը: Եւ այստեղ ընդհանրապէս արեւմտահայերէնի նահանջի իրականութիւնը արդարացումի հիմնաւորում պէտք չէ ծառայէ մեզի համար: Մամուլը լեզուական անաղարտութեան պահպանման հիմնական կռուանը եղած է եւ այդպէս ալ պէտք է շարունակէ մնալ: Այստեղ խնդիրը միայն զուտ լեզուականը չէ անշուշտ: Գրաշարական սրբագրութենէն վրիպած տողերու եւ նոյնիսկ խորագիրներու ճշդումները հարկադրաբար նկատառելի դարձան մեր էջերուն:

Մանկապատանեկան խաւի համեմատաբար լայն ներգրաւուածութիւնը թէ՛ իրեն յատուկ էջով եւ թէ՛ յաւելուածով չի լրացներ անշուշտ երիտասարդ խաւի բացակայութիւնը: Վարժողական ծրագրերու պարագայական բնոյթը եւ լրագրութիւնը գրաւիչ ասպարէզ չդարձնելու մեր պատասխանատուութիւնը բազմակողմանի քննարկումի պէտք է ենթարկել:

Ամէնօրեայ մարզական բաժինը, որ կը փորձէ քայլ պահել թէ՛ հայաստանեան, թէ՛ գաղութային եւ թէ՛ միջազգային մարզական լրահոսին հետ, հեռու է բաւարարելէ մարզասէր ընթերցող խստապահանջ հասարակութեան ակնկալութիւնները: Այստեղ մէկ ամբողջական էջը նոյնիսկ բաւարար չէ երեք ուղղութիւններու հետեւելու կոչուած մարզական բաժինին խմբագրումներուն համար:

Այո՛, աճած է Հայաստանէն մեր ընթերցողներուն թիւը: Հայաստանի մեր ընթերցողները կը սահմանափակուին սակայն, պետական, մտաւորական եւ մամուլի գործիչներու շրջանակներուն մէջ: Հայրենիքի մէջ թերթը չէ ժողովրդականացած, հակառակ անոր որ առատ են հայաստանեան եւ համահայկական խնդիրներու լուսաբանումները:

Կայքէջի այցելուներուն թիւը սրընթաց կ՛աճի: Երեւոյթին կ՛օգնէ ընկերային ցանցերու աշխուժ օգտագործումը` ելեկտրոնային տարբերակի հասանելիութիւնը տարածելու նպատակով: Կը պակսին սակայն ընթերցողներուն մեկնաբանութիւնները, արձագանգումները եւ առաջարկները, որոնց համար պէտք է աւելի լաւ կազմակերպել կայքէջի փոխներգործօն բաժինը:

«Ազդակ»-ի արաբատառ կայքէջը նոր ընթերցող լսարաններ կ՛ապահովէ. թերի է սակայն անգլերէն բաժինը, որուն վրայ տեղադրուած նիւթերուն ընտրութիւնն ու թողարկումին ներկայ կշռոյթը հիմնովին վերատեսութեան ենթարկուելու անհրաժեշտութեան առջեւ են:

«Ազդակ»-ի լսարանները իրենց չափին մէջ ծառայեցին համահայկական թեմաներու քննարկման միջավայրի ստեղծման եւ «Փիւնիկ» սրահը յաջողեցան վերածելու մտաւոր մարդուժի ներկայացուցիչներու կեդրոնի: Կը պակսէր երիտասարդ տարրի մասնակցութիւնը թէ՛ իբրեւ ներկայութիւն եւ թէ՛ իբրեւ քննարկումներու մասնակցութիւն:

Շարքը կարելի է երկարել: Տարին պէտք է փակել լաւ մաղթանքներով: Աւելցնելով սակայն, որ «Ազդակ»-ը առանց յաւակնոտ յայտարարութիւններու փորձ պիտի կատարէ 2012-ին իր իսկ նկատած բացթողումներուն ուղղութեամբ քայլեր առնելու` մնալով բաց իր աշխատանքները քննադատութեան ենթարկողներուն առջեւ, պայմանաւ սակայն, որ այդ քննադատութիւնները նպատակադրեն միայն սրբագրութիւնը եւ թերթին վերելքը: Խմբագրութեան ուղղակի, ստորագիր ուղղուած գրութիւնները, նամակներն ու ելեկտրոնային մեյլերն են, որոնք կրնան մղիչ դեր ունենալ սրբագրութեան համար: Մնացեալը փոշիացման դատապարտուած խօսակցութիւն է, որ ծառայած չ՛ըլլար առաջադրուած նպատակին: Այլապէս ալ, առաւօտեան թարմ շունչով հանգիստ վիճակի մէջ թերթը կարդալու պահուն սխալները նկատողները պահ մը պէտք է գիտնան, որ նոյն այդ ժամերուն հազիւ տուն մտած կ՛ըլլան խմբագրատան եւ տպարանի մեր աշխատակիցները` թերթը մութէն լոյսին բերելէ ետք: Ամէ՛ն օր:

Թող լուսաւոր եւ առարկայական ըլլան մեր բոլոր արժեւորումները` ըլլան անոնք գնահատական թէ քննադատական: Շնորհաւոր Ամանոր եւ Ս. Ծնունդ:

 

Share this Article
CATEGORIES