ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. ՕՔԼԱՀՈՄԱՅԻ ՉՈՐՐՈՐԴ ՅԱՋՈՐԴԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան երէկուան մրցումներուն, Օքլահոմա Սիթի արձանագրեց իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը, երբ 104-102 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Տալաս Մավըրիքսը: Վերջինս, որ կատարեց իր երրորդ մրցումը, կրեց իր երրորդ յաջորդական պարտութիւնը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քեւին Տիւրընթ նշանակեց 30 կէտ, իսկ Տըրք Նովիթցքի (Մավըրիքս)` 29 կէտ:
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ իր կատարած երրորդ մրցումին արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը, 111-102 արդիւնքով յաղթելէ ետք Տենվըր Նակեթցի: Վերջինս, որ արձանագրած էր երկու յաղթանակ, կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը:
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը` իր կրած երկու պարտութիւններէն ետք: Անիկա 99-82 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նիւ Եորք Նիքսը: Քոպի Պրայընթ (Լէյքըրզ) նշանակեց 28 կէտ, իսկ Քարմելօ Անթոնի (Նիքս)` 27 կէտ:
Հետաքրքրական եղաւ Հիուսթըն Ռոքեթց- Սան Անթոնիօ Սփըրզ մրցումը, որ աւարտեցաւ ի նպաստ առաջինին: Ռոքեթց արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը, մինչ Սփըրզ կրեց իր առաջին պարտութիւնը:
Օրլանտօ Մեճիք 94-78 արդիւնքով յաղթեց Նիւ Ճըրզի Նեթցի, մինչ վերջին մրցումին Շիքակօ Պուլզ պարտութեան մատնեց Սաքրամենթօ Քինկզը:
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Ինտիանա Փէյսըրզ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ
Շարլոթ Հոռնեթց – Օրլանտօ Մեճիք
Աթլանթա Հոքս – Նիւ Ճըրզի Նեթց
Պոսթըն Սելթիքս – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Նիւ Օրլինզ – Ֆէօնիքս Սանզ
Մինեսոթա Վուլվզ – Մայեմի Հիթ
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Հիուսթըն Ռոքեթց
Տալաս Մավըրիքս – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Միլուոքի Պաքս – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ
Եութա Ճեզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Շիքակօ Պուլզ

