ՄԻՇԵԼ ՄԸՐԻ ԱՆՈՒԱՆ ՀԱՄԱԼԻՐԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՊԱՏՈՒԵՑ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՆ ՈՒ ԱՅԼ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԸ ՏՐԱՄԱԴՐԵՑ ՔԱՄԱԼ ԱՊՏԵԼ ՄԱՍԻՀ

Յատուկ երեկոյով մը, որ տեղի ունեցաւ «Քար Ուոշ» ճաշարանին մէջ (Ժըտէյտէ), Միշել Մըրի անուան համալիրի յանձնախումբը պատուեց մարզական լրագրողներն ու այլ անձնաւորութիւններ:

Այս երեկոյին ներկայ էին Ժըտէյտէի քաղաքապետութեան անդամները, Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ժան Համմամ, Անուար ակումբի նախագահ Ժորժ Եազպեք, Պաուշրիէ ակումբի նախագահ Քայսար Պախոս, Հուփս ակումբի նախագահ Ժասեմ Քանսօ, շրջանի թաղապետեր, Միշել Մըրի անուան համալիրի յանձնախումբին անդամները, որոնց կարգին` Պետիկ Լոճիկեան, մարզական լրագրողներ եւ հրաւիրեալներ:

Յանձնախումբի նախագահ Անթուան Շահուան խօսք առնելով եւ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելով ըսաւ, որ տարին աւարտած համարելով կու գայ պատուելու բոլոր անոնք, որոնք իրենց օգտաշատ դերը ունեցան մարզական բոլոր իրադարձութիւններուն իրականացման եւ անոնց լուրին տարածման մէջ: Ան մանաւանդ անդրադարձաւ մարզական լրագրողներուն, որոնց շնորհիւ բոլորը կը հասնին յաջողութեան:

Share this Article
CATEGORIES