ՃԱՏՐԱԿ. «ԵՈՒՐԵՔԱ ՍԵՆԹԸՐ»-Ի ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՀԱՅԿ ԵՒ ԱՐԻ ԱՒԵՏԻՍ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՆ ԱՌԱՋԻՆ. ՀՐԱԿ ԼԱԽԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԵՐԿՐՈՐԴ
Կազմակերպութեամբ «Եուրեքա Սենթըր»-ի յանձնախումբին (Ռապիէ), երէկ տեղի ունեցաւ ճատրակի մրցաշարք մը` բնականաբար հովանաւորութեամբ եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին վեց հայեր, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին երեք դասակարգի մրցումներու` հետեւեալ ձեւով. Արմէն Եղիայեան, Միկել Խանճեան, Հրակ Լախեան (8 տարեկանէն վար), Լեւոն Գալայճեան, Արի Աւետիս (10 տարեկանէն վար) եւ Հայկ Աւետիս (12 տարեկանէն վար):
Բաւական տպաւորիչ արդիւնք արձանագրելով` Հրակ Լախեան հանդիսացաւ երկրորդ: Իսկ Արի եւ Հայկ Աւետիս եղբայրները` գերազանցելով իրենց մրցակիցները, խլեցին երկու առաջնութիւնները, յաջորդաբար 10 եւ 12 տարեկանէն վար դասակարգերուն մէջ:
Շնորհաւորելի է ՀՄԸՄ-ի ճատրակ խաղացողներուն արձանագրած այս արդիւնքը, որովհետեւ անոնք Նոր տարուան կարեւոր նուէր մը ստացան:
Նշենք, որ մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին շուրջ 30 ճատրակ խաղացողներ: