ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՀՄԸՄ – ՆԸԺՄԷ ՍԱՀՐԱ` 1-0
Երէկ, Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը` Նըժմէ Սահրան:
Անսարի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին միակ կոլը նշանակեց Նժդեհ Գազեզեան (65-րդ)` սքանչելի փոխանցում մը ստանալէ ետք Սարգիս Ազնաւուրեանէն:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները Բ. կիսախաղը ամբողջութեամբ մրցեցան տասը մարզիկով` նկատի ունենալով, որ Ա. կիսախաղի վերջին վայրկեանին բերդապահ Յարութ Սարգիսեան կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, ՀՄԸՄ իր ապահոված 14 կէտին շնորհիւ ժամանակաւորապէս գրաւեց խմբակին պարագլուխի դիրքը` սպասելով այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն արդիւնքներուն:
CATEGORIES Մարզական

