«Ազդակ»ի Ամանորը

«Ազդակ»ի անձնակազմը երէկ գիշեր «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տօնեց Ամանորը։ Վարչական պատասխանատու Հրայր Ֆերմանեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք աւանդական հաւաքոյթին բացումը կատարեց «Ազդակ»ի վաստակաւոր աշխատակից Շահանդուխտը։ Ապա, ամանորի մաղթանքներ կատարեցին յաջորդաբար Յակոբ Բագրատունի, Սարգիս Կիրակոսեան, Յակոբ Հաւաթեան, Տիգրան Ճինպաշեան, Գառնիկ Մկրտիչեան եւ Շահան Գանտահարեան։Որմէ ետք մինչեւ ուշ գիշեր խանդավառ մթնոլորտի մէջ «Ազդակ»ի անձնակազմի անդամները տօնեցին Նոր տարին։«Ազդակ»ի կաղանդ պապան նուէրներ բաժնեց բոլոր ներկաներուն, յիշեցնելո, որ բոլորը պատրաստուին 2012-ին, տօնելու «Ազդակ»ի հիմնադրութեան 85-ամեակը։

Share this Article
CATEGORIES