ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. ԱՅՍՊԻՍԻ՛ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ԵՒ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ՊԱՀԱՆՋՆ ՈՒՆԻՆՔ ԱՆՅԱՊԱ՜Ղ …

Սիրելի՛ ընթերցող, երէկ տօնեցինք Ս. Յակոբ Մծբնացի Հայրապետը, որուն տօնին առիթով կը կարդանք Ս. Յովհաննէսէն` չորրորդ աւետարանիչէն գլուխ 10, 1-13 հատուածը:

Ընթերցուած աւետարանը կը խօսի այն քաջ ու բարի հովիւին մասին, որ անձնամոռաց ինքնանուիրումով, գործօն խիզախութեամբ եւ ամբողջական ծառայութեամբ կ՛աշխատի ու կը պտղաբերէ իր հօտին արտաքին եւ ներքին բարիքին համար:

Բառին վաւերական իմացութեամբ` այսպիսի քաջ ու բարի հովիւը հանդիսացաւ Ս. Յակոբ Մծբնացի, որուն ծննդեան թուականն անյայտ է, բայց վախճանումը դիպած ըլլալու է 338-ին կամ նոյնիսկ` 348-ին:

Քրիստոնէական հաւատքի մեր Հօր` Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին դասընկերն եղաւ Կեսարիոյ մէջ, ուր ժամանակի ուսումն աւարտելէ յետոյ վերադարձաւ իր ծննդավայրը:

Երիտասարդ քահանան հակամէտ էր առանձնական եւ աղօթական կեանքին. ուստի, աշակերտեցաւ Մարուգէ անունով յայտնի ճգնաւորին, որուն թելադրանքով` 320-ին մծբնցիները Յակոբն ընտրեցին եպիսկոպոս իրենց քաղաքին:

Արդէն հանրածանօթ էր շնորհիւ իր սրբակեաց վարքին, հոգեշահ քարոզներուն եւ բուժիչ հրաշագործութիւններուն: Փնտռուած ճարտասանը ժողովուրդին սիրելին էր:

Մծբինի վիճակաւորը օժտուած էր վարչական եւ կազմակերպչական շնորհներով. շատ կարճ ժամանակին մէջ մտցուց կարգ ու կանոն իր թեմին մէջ: Ուսուցիչն էր Ս. Եփրեմ Ասորիին (306-373), որ գերազանցօրէն հռչակուեցաւ իբրեւ «Քնար Սուրբ Հոգիին»:

Նիկիոյ մէջ 325-ին գումարուած Առաջին տիեզերական ժողովին մասնակցեցաւ, ուր 318 հայրապետները շարադրեցին եկեղեցապատմութեան եւ աստուածաբանութեան մէջ ծանօթ «Հանգանակ հաւատոյ» դաւանութիւնը, զոր այսօր տակաւին կը հռչակենք Ս. պատարագի ընթացքին: Ուրեմն, Ս. Յակոբը ներշնչեալ հեղինակներէն մին նկատելու ենք:

Նաեւ ունէր  ռազմագիտական կարողութիւնը, որով կրցաւ երկիցս կամ եռիցս ազատագրել իր քաղաքը պարսկական նուաճումներէ: Կը պատմուի, թէ 338-ին յաջողապէս կազմակերպեց պարսիկ սասանեան Շապուհ Բ. (311-380) շահին բանակէն պաշարուած Մծբինի եօթանասուն օրերու պաշտպանութիւնը` «աղօթքով, հնարամտութեամբ եւ սիրտ տալով իր ժողովուրդին»:

Սկիզբէն արդէն թէ՛ մեր եկեղեցին եւ թէ՛ հայ ժողովուրդը բացառիկ սէր ու յարգանք տածեցին այս մեծ եւ սքանչելագործ սուրբին հանդէպ:

Անցեալէն ներկային` դարերու ընթացքին հայակերտ եկեղեցիներ ու վանքեր կառուցուեցան Ս. Յակոբի անունին: Անոր տօնին ամէն տարի մատաղօրհնէք կը կատարուի «Ս. Յակոբ» յորջորջեալ եկեղեցիներու անուանակոչումին, ինչպէս ալ «Յակոբ» ունեցող ընտանեկան յարկերուն մէջ տեղի կ՛ունենան խրախճանք ու շնորհաւորական այցեր:

Մեր ժողովուրդին հաւատքին մէջ հաստատուած իրողութիւն է, թէ Ս. Յակոբի բարեխօսութեամբ կը կատարուին հրաշազան բուժումներ ու դարմանումներ:

Մծբինի հայրապետը առաջին անձն էր պատմութեան մէջ, որ ծրագիրը եւ յանդգնութիւնն ունեցաւ բարձրանալու Արարատը, որպէսզի գտնէ Նոյ նահապետին տապանը: Սակայն, Մասիսի բարձրալանջերու վրայ պարտասած` քնացեր է… Աւանդապատումին համաձայն, Տիրոջ հրեշտակը սուրբին բերեր է նոյեան տապանէն կտոր մը, որ այսօր իբրեւ մասունք կը պահուի Ս. Էջմիածնի գանձարանին մէջ:

Հայ, ասորի, յոյն եւ լատին Եկեղեցիներէն մեծարուած ու տօնուած այս հայրապետին մեծ հիացող մը եղաւ Ս. Գրիգոր Նարեկացի, որ անոր ի պատիւ հեղինակեց գեղեցիկ ներբող մը,  իսկ Ս. Ներսէս Շնորհալի գրեց «Յաղթող եւ սուրբ հայրապետ» իմաստալից շարականը:

Այս սիւնակը շարադրելու հոգեմտաւոր յօժարութեամբ պարտաւորուեցայ, քանի Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետին մասին կիրակնօրեայ իմ քարոզս պատրաստած ատեն յանգեցայ յաջորդ երեք եզրակացութիւններուն:

Առաջին` պիտի սորվինք հաւատալ, ինչպէս Ս. Յակոբ հաւատաց Աստուծոյ հզօրութեան, որով կարող եղաւ թէ՛ իր անձին, թէ՛ ընկերոջ կատարելագործումին եւ թէ՛ բազմազան սքանչելագործութիւններու:

Երկրորդ` բարի սովորութիւն պիտի դարձնենք Աստուածաշունչին ամէնօրեայ ընթերցումը, ինչպէս Ս. Յակոբ կը կարդար ամէն օր Ս. Գիրքը` սնուցանելով իր հոգին ու միտքը:

Երրորդ` մեր ներկային մէջ, Հայաստան եւ սփիւռք, անյապա՛ղ ու անմիջապէ՛ս ունինք մեծ պահանջն այն առաջնորդներու եւ ղեկավարներու, որոնք ուզե՛ն ճգնիլ իրենց ժողովուրդին ներքին օգուտին ու գիտնա՛ն գործել իրենց քաղաքացիներու արտաքին բարօրութեան համար, ինչպէս Ս. Յակոբ ճգնեցաւ եւ գործեց` վաստկելով յաւերժութեան դափնին…

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Այնճար, 18 Դեկտեմբեր  2011

 

Share this Article
CATEGORIES