«ՄԱՆԿԱ-ՄԵՍԻԱ» ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններուն, երէկ` երկուշաբթի, 2 յունուարի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հրայր ու Արտա Ճեպեճեաններու նախաձեռնութեամբ եւ պատրաստութեամբ լոյս տեսած «Մանկա- Մեսիա» մանկապատանեկան աւետարանի շնորհահանդէսը: Ներկայ էին Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտներն ու ուսուցիչները:
Բացման խօսքը արտասանեց Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան, որ ուրախութիւն յայտնեց պատգամ փոխանցող եւ պատկերաւոր կերպով մանուկներուն ու պատանիներուն հասցէագրուած նման գիրքի մը հրատարակութեան առիթով, որ Աստուածաշունչի պատմութիւնները կը ներկայացնէ: Ան քանի մը նախադասութեամբ ծանօթացուց նման հրատարակութեան մը գաղափարը յղացած Հրայր եւ Արտա Ճեպեճեանները` դիտել տալով, որ «Հայ գիրքի տարուան» բացումը կը կատարուի այս խորհրդանշական շնորհահանդէսով` յոյս յայտնելով, որ անիկա կայծ մը հանդիսանայ նման նախաձեռնութիւններու շարունակութեան:
Ապա խօսք առաւ նման գիրքի մը հրատարակութեան նպատակով հետեւողական աշխատանք տարած Հրայր Ճեպեճեան, որ գլխաւորաբար խօսեցաւ Աստուածաշունչին եւ անոր կարեւորութեան մասին` յատուկ կերպով անդրադառնալով այն երեւոյթին, որ Աստուածաշունչով Աստուծոյ շունչը կը փոխանցուի, ան մեր կեանքին նպատակ կու տայ եւ կը կերտէ մեր քրիստոնէական, ազգային եւ մշակութային նկարագիրը: Հ. Ճեպեճեան հայոց պատմութեան ընդմէջէն վերյիշեց հայ գիրերու գիւտն ու Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը, որ կոչուեցաւ թագուհի թարգմանութեան: Անոր համաձայն, երբ կը մտածուէր մանուկներու յատուկ հրատարակութեան մը մասին, անհրաժեշտ նկատուեցաւ լոյս ընծայել գիրք մը, որ իւրայատուկ է, նորութիւն կը բերէ եւ Յիսուսի պատգամը կը փոխանցէ ժամանակակից տուեալներով: Հ. Ճեպեճեան յայտնեց, որ կենդանի գծանկարներու ընդմէջէն, խօսակցութիւններու եւ յատկապէս երկխօսութեան ճամբով Աստուածաշունչէն տարբեր պատմութիւններ մատչելի եւ գրաւիչ կերպով հայ մանուկներուն ներկայացնող այս հրատարակութիւնը ցարդ թարգմանուած է 22 լեզուներու, իսկ հայերէն թարգմանութիւնը վերջինն էր:
Աստուածաշունչ ընթերցելու անհրաժեշտութեան անդրադառնալով` Հ. Ճեպեճեան շեշտեց, որ Աստուածաշունչը պէտք չէ կիրակի օրուան գիրք ըլլայ. ան կոչ ուղղեց մանուկներուն եւ պատանիներուն Աստուածաշունչը իրենց անբաժան ընկերը դարձնելու:
Ապա խօսք առաւ Արտա Ճեպեճեան, որ բացատրեց, թէ ի՛նչ հանգամանքներ նկատի ունենալով կատարուած է թարգմանական աշխատանքը, անդրադարձաւ բովանդակութեան, գիրքին մէջ տեղ գտած յաւելեալ բացատրական բաժիններուն, կարգ մը անձնաւորութիւններու կենսագրականներուն, ուղեցոյցին: Ան նշեց, որ կարեւոր է Աստուածաշունչ կարդալ, մանաւանդ որ անիկա աշխարհի վրայ ամէնէն մեծ թիւով վաճառուած գիրքն է: Ա. Ճեպեճեանի համաձայն, «Մանկա-Մեսիա»-ն պիտի բաժնուի Արաբական ծոցի երկիրներուն մէջ, նաեւ ղրկուած է Պոլիս, Իրաք:
Իր խօսքի աւարտին ան կոչ ուղղեց բոլորին քանի մը անգամ կարդալու գիրքը, նաեւ թատրոններ պատրաստելու` զայն հիմք ունենալով:
Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներէն Շահէ Յակոբեան կիթառով երաժշտական քանի մը կտոր նուագեց:
Աւարտին իր խօսքը արտասանեց Գեղամ արք. Խաչերեան, որ յայտնեց, թէ այս նախաձեռնութեամբ հայ քրիստոնեայ մանուկը առաւել եւս Աստուածաշունչին մօտեցնելու, զայն աւելի հետաքրքրական ու նոր ձեւով ներկայացնելու աշխատանք կը տարուի, որպէսզի Աստուածաշունչի պատմութիւնները մատչելի, պարզացուած եւ նկարազարդուած կերպով հրամցուին մանուկներուն ու պատանիներուն: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Արտա եւ Հրայր Ճեպեճեաններուն` Աստուածաշունչի տարածման իմաստով իրենց ունեցած ներդրումին համար:
Իր խօսքը աւարտելով ան հաստատեց, որ այս աշխատանքը տարուած է մանուկներուն համար, որովհետեւ բացարձակ իրականութիւն է այն, որ նոր սերունդը շատ կարեւոր է, ապագան կը ներկայացնէ: Առաջնորդ սրբազանը կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտները հրաւիրեց շունչ տալու Աստուածաշունչին` զայն ընթերցելով:
Ձեռնարկի աւարտին Հրայր եւ Արտա Ճեպեճեանները գիրքէն օրինակներ նուիրեցին կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտներուն: «Մանկա-Մեսիա» գիրքէն շուրջ 1600 օրինակ տրամադրուած է Լիբանանի մէջ բաժնուելու համար:





