«ԱԶԴԱԿ»-Ի ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ ՄԸ` 2011

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

6 դեկտեմբեր 2011-ի երեկոյեան ժամը 7:00… Կանգնած եմ նոյն երդիքին տակ, ուր յաճախ կը գտնուիմ` տարբեր առիթներով ու նպատակներով, ուր աշխատող տպագրիչ մեքենաներուն բարձրացուցած կշռութաւոր աղմուկին պատճառով դժուար կ՛ըլլայ իրարու խօսքերը լսել, ուր իւրայատուկ հոտ մը` մելանին ու թուղթին հանդիպման, կը լեցնէ ռունգերդ, ուր առաւօտեան այդ կանուխ ժամերուն տաք-տաք լոյս աշխարհ եկող թերթը բացող, թերութիւնները ստուգող եւ մեքենաներուն մելանի հոսքին տարողութիւնը հակակշիռի տակ առնելու համար վազվզող տղաքը «Ազդակ»-ի կարճատեւ երկունքը կը մարմնաւորեն` ազդանշանը տալով նոր թիւի մը ծնունդին: Արագութեամբ եւ հեւքով լեցուն այդ մթնոլորտին մէջ, մանաւանդ երբ ճիշդ այդ պահուն գործի վրայ չես, անպայման հայեացքդ կ՛ուղղուի դէպի վեր, ուր դարձող մեքենաներէն դուրս կը շտապեն էջերը` մէկն ու տասն, ապա երկուն եւ ինն, յետոյ միւս էջերը, կարգով, առանց շարքը խանգարելու, կը տողանցեն խելայեղ արագութեամբ եւ թափով: Ամբողջ օրուան մը վրայ երկարած մեղուաջան աշխատանքէ ետք, ցերեկային եւ գիշերային խմբագրական կազմերով եւ պաշտօնեաներով, այդ պահուն աշխատանքը իր գագաթնակէտին ու լրումին կը հասնի, երբ գրուած, խմբագրուած, լեզուական սրբագրութեան ենթարկուած, գրաշարուած, սրբագրուած, էջադրուած, նկարներով համալրուած, կրկին սրբագրուած էջերը «շունչ կը փչեն»: Յաջորդ հանգրուանով անպայման ներքին մղում մը քեզ կը տանի դէպի տպագրական մեքենաներուն միւս ծայրը, ուր տպագրուած թերթերը մեքենաբար կը ծալուին ու կը հանգչին յատուկ տեղ մը, որպէսզի իրենք զիրենք յանձնեն տպարանի տղոց, ապա` ցրուիչներուն խնամքին: Սպասողական այդ վիճակին մէջ ինքնաբերաբար ժպիտ մը կ՛ուրուագծուի դէմքիդ վրայ, վերջապէս մանուկի մը ծնունդը յուշող արարողութիւն մը տեղի կ՛ունենայ եւ, հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն, նորօրեայ մարտահրաւէրներուն եւ յաճախ «Ազդակ»-ի ընտանիքի անդամներուն ականջներուն դիպչող այն արտայայտութիւններուն, թէ տպագիր մամուլի գոյութիւնը սկսած է վտանգուիլ` ելեկտրոնայինի սրընթաց յառաջդիմութեամբ, կրկին ու կրկին սփիւռքահայ տպագիր մամուլի հիմնական ներկայացուցիչներէն մէկը լոյս աշխարհ կու գայ` վերցնելով իրեն նետուած բոլոր ձեռնոցները: Ու  տաքուկ եւ տակաւին ամբողջովին չչորցած մելանէն ձեռքեր մրոտող նորածին «Ազդակ»-ը առնողին առաջին հակազդեցութիւնը կ՛ըլլայ արագ ակնարկ մը նետել, ապա բանալ էջերը եւ ուշադրութեան կիզակէտ դարձնել բոլոր էջերը անխտիր:

Եւ եղաւ լոյս…

Արդէն կարելի է հանգիստ սրտով դուրս գալ տպարանէն եւ տղոց վստահիլ թերթերու բաժանումը կատարելու ու տրցակները ցրուիչներուն փոխանցելու աշխատանքը:

Սակայն պատկերը նոյնը չէր 6 դեկտեմբեր 2011-ի երեկոյեան, որովհետեւ «Ազդակ»-ի տպարանը կը կրէր իր պաշտօնական զգեստը` հիւրընկալելու համար պաշտօնական անձնաւորութիւններ, որոնք զինք շնորհաւորելու եկած էին` իր վերանորոգման եւ նոր «եղբօր» մը գալուստին առիթով: Արդարեւ, 2011-ի կէսերուն Երջօ Սամուէլեանի նախաձեռնութեամբ եւ  «Եռագոյն ֆոնտ»-ի նուիրատուութեամբ, «Ազդակ»-ի տպագրական գործիքները հիմնովին վերանորոգելու ծրագիր մշակուեցաւ եւ իրականացաւ` սփիւռքահայ յառաջատար թերթին ընձեռելով գունաւոր էջերով լոյս տեսնելու կարելիութիւն: Նախկին տպագրական մեքենային կողքին աւելցաւ նոր մը` Goss Universal մակնիշով: Իւրայատուկ եւ պատմական էր պահը, որովհետեւ «Ազդակ»-ի կեանքին մէջ անկիւնադարձային թուականներուն եւ դէպքերուն կարգին նոր մը կ՛աւելնար` առաւել եւս պատասխանատուութիւն դնելով «Ազդակ»-ի ընտանիքին մաս կազմող իւրաքանչիւր անհատի ուսերուն: Ողջոյնի, շնորհակալութեան, երթը շարունակելու վճռակամութեան, գնահատանքի ու քաջալերանքի խօսքերուն զուգահեռ, «Ազդակ»-ի տպարանի պատմականը ցուցադրող տեսերիզը իր յատկանշական տեղն ու խորհուրդը ունեցաւ, որովհետեւ այդպիսով վերահաստատուեցաւ, որ դաշնակցական մամուլի 84-ամեայ ներկայացուցիչներէն մէկը, հակառակ իր աւելի քան 8 տասնամեակներու կեանքին, տակաւին ատակ եւ պատրաստ է աւելի քան 23 հազար 900 «մանուկ» ծնելէ ետք նորանոր «զաւակ»-ներու շունչ փչել` այս անգամ աւելի դիւրին սարքաւորումներով եւ տպագրական մեքենաներով:

Ու կը հասնի պահը, երբ վերանորոգուած տպագրական մեքենայէն կը սկսին «տողանցել» «Ազդակ»-ի անդրանիկ գունաւոր թիւերը` տպարանին մէջ խռնուած հիւրերը յատկապէս ականատես դարձնելով իւրայատուկ արարողութեան մը, որ թէեւ «Ազդակ»-ի ընտանիքի անդամներուն համար սովորական կրնայ թուիլ, սակայն զարմանք ու հիացմունք պատճառող է առաջին անգամ այդ գործընթացին ականատես եղողներուն: Առաջին անգամ ըլլալով բանող գունաւոր մեքենան չէր կրնար սովորական թիւի մը ծնունդ տալ, գունաւոր «նորածին»-ը բացառիկ ու յատուկ թիւ էր` նուիրուած «Ազդակ»-ի տպարանի պատմականին: Մթնոլորտը աւելի ջերմ ու խանդավառ կը դառնայ, հիւրերն ու աշխատակիցները նորածին «Ազդակ»-ներու տրցակները շալկած` կը սկսին զանոնք բաժնել ներկաներուն` իրենց դէմքերուն վրայ ուրուագծուած լայն ժպիտը վարակիչ դարձնելով:

6 դեկտեմբեր 2011-ի երեկոյեան ժամը 7:00… Պատմական թուական մը ու իւրայատուկ պահ մը, որ առյաւէտ պիտի դրոշմուի «Ազդակ»-ի պատմութեան էջերուն մէջ:

***

Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակը յատկանշական եղաւ ո՛չ միայն իր տօնակատարութիւններով, այդ առիթով եղած հրատարակութիւններով եւ այդ 20-ամեակի ամփոփած խորհուրդով, այլ անիկա իւրայատուկ եղաւ նաեւ «Ազդակ»-ին համար: Արդարեւ, 17 սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանը պարգեւատրեց «Մ. Խորենացի» շքանշանով` սփիւռքի մէջ անոր ունեցած ներդրումին համար:

***

«Ազդակ»-ի ընթացիկ աշխատանքներուն եւ տարբեր ծրագիրներուն յաջողութեան ետին կը կանգնին նաեւ հայ մամուլի առաքելութեան նկատմամբ մեծ հաւատք ունեցող եւ մնայուն կերպով զայն քաջալերող մեր բարերարները, որոնք բացայայտ կամ լուռ կերպով միշտ եղած են «Ազդակ»-ի կողքին` տարբեր ձեւերով, նիւթական ու բարոյական նեցուկով աւելի եւս ամրապնդելով «Ազդակ»-ի ընտանիքին վճռակամութիւնը` շարունակելու նախորդ սերունդներու ուղին:

Ընթացիկ տարուան ընթացքին իւրայատուկ էին «Ազդակ»-ի տպարանի վերանորոգութեան եւ գունաւոր նոր տպագրական մեքենայով օժտման իմաստով նուիրատուութիւնը «Եռագոյն ֆոնտ»-ին, որ աւելի ուշ կատարեց իր տարեկան յատկացումը` «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի ծրագիրներուն իրականացման համար «Ազդակ»-ի ֆոնտին կրկին գումար յատկացնելով:

Սեդա Չաղլասեան եւ զաւակները` Նորա, Արա եւ Շահէ, իրենց կարգին, «Ազդակ»-ին  կատարեցին նուիրատուութիւն մը, որ պիտի յատկացուի «Ազդակ»-ի խմբագրատան ներքին սենեակներու նոր ձեւափոխումներու եւ կահաւորման ընդհանուր ծրագիրին:

Իտալիայէն տէր եւ տիկին Ալեքօ եւ Անի Պեզիքեաններ հովանաւորեցին «Ազդակ»-ի 2012-ի ամանորեան բացառիկը:

Քաջալերելով «Ազդակ»-ի աշխատանքները` ընկեր մը այս տարուան սկիզբը «Ազդակ»-ի ֆոնտին նուիրեց 10 հազար ամերիկեան տոլար:

***

Հետաքրքրական եւ սրտագրաւ է տեսնել հայ աշակերտներու փաղանգ մը, որ կը սպասէ իր կարգին` իրեն յատուկ մրցանքի մը մասնակցելու: Ուրախութիւն է անոնց խանդավառութիւնը, պրկուածութիւնը եւ սպասողական վիճակը տեսնել, որովհետեւ անոնք կը սպասեն, որ անսխալ հայերէն գրելու կամ հայերէնով շարադրելու առիթ տրուի իրենց: Այդ փաղանգը, բարեբախտաբար եւ ի մեծ ուրախութիւն «Ազդակ»-ի ընտանիքին, համախմբուած էր օրաթերթին մանկապատանեկան յաւելուածին` «Պզտիկ-Մզտիկ»-ին շուրջ:

Արդարեւ, այս տարի եւս «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմը կազմակերպեց «Եկէ՛ք շարադրենք» եւ «Անսխալ գրենք» մրցանքները, առաջինը` 22 մայիսին,  իսկ երկրորդը` 4 դեկտեմբերին: Յատկանշականը այն է, որ երկու մրցանքներուն ալ շուրջ 20 վարժարաններէ աւելի քան 350 փոքրիկներ բերին իրենց մասնակցութիւնը:

Ասոր կողքին, տարբեր վարժարաններու աշակերտներ տարուան ընթացքին այցելեցին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն եւ տպարան, ծանօթացան տարուած աշխատանքներուն, անոնց լայն տեղեկութիւններ տրուեցաւ «Ազդակ»-ի հրատարակման տարբեր հանգրուաններուն մասին:

Երիտասարդութեան ապագայի երաշխիքը ըլլալու հաւատքէն մեկնած` «Ազդակ» տարբեր առիթներով քաջալերեց երիտասարդութիւնը, փորձեց զանոնք ներգրաւել խմբագրական կեանքին մէջ, հարցազրոյցներ ու կլոր սեղաններ կատարեց, ինչպէս նաեւ իր յարկին տակ հիւրընկալեց վարժողական հանգրուանի մը համար դիմում ներկայացնող ուսանողներ:

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ սփիւռքի զանգուածային լրատուամիջոցներու երիտասարդ լրագրողներու դպրոցը, որուն «Ազդակ»-ի աշխատակազմէն իր մասնակցութիւնը բերաւ երիտասարդ լրագրող Արազ Գոճայեան:

«Ազդակ», ինչպէս միշտ, այս տարի եւս չսահմանափակուեցաւ միայն օրաթերթային աշխատանքներով, այլ իր մամլոյ լսարաններով, ինչպէս նաեւ այլ միութիւններու եւ կառոյցներու հետ համագործակցաբար իրականացուցած ծրագիրներով «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահը վերածուեցաւ տարբեր տարիքի եւ միջավայրի մարդոց համախմբման կեդրոնի: Հայաստանէն թէ սփիւռքէն հիւրեր, իրենց մասնագիտութենէն մեկնած, մամլոյ լսարաններու հիւրը դարձան. այս տարուան մամլոյ լսարանները հետեւեալ պատկերը պարզեցին.

– 28 յունուարին Թաթուլ Յակոբեան զեկուցեց 2010-ին Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան հիմնական հարցերուն մասին:

– 8 մայիսին Վիգէն Աւագեան զեկուցեց «Ազդակ»-ի բացառիկ հրատարակութիւններուն մասին:

– 24 մայիսին փրոֆ. Ժուլիեթա Գիւլամիրեան խօսեցաւ Հայաստան-սփիւռք կրթական գործակցութեան եւ դժուարութիւններուն մասին:

– 15 յունիսին Իշխան Չիֆթճեան անդրադարձաւ սփիւռքի նորագոյն խնդիրներուն:

– 13 յուլիսին դոկտ. Հայկ Դեմոյեան ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու կազմակերպման ռազմավարութեան եւ հայեցակարգային մօտեցումները:

– 4 հոկտեմբերին Գարեգին Չուգասըզեան ներկայացուց Կոմիտասի կեանքն ու գործը ամփոփող մալթիմետիա սկաւառակը:

– 8 հոկտեմբերին Գարեգին Չուգասըզեան խօսեցաւ համացանցի դարաշրջանին մէջ մշակութային արտադրութիւններուն մասին:

– 9 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ Վահան Զանոյեանի «Եզրէն անդին» գիրքին շնորհահանդէսը:

– 11 նոյեմբերին Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Լիլիթ Գալստեան խօսեցաւ հայրենի երիտասարդութեան եւ հայ ժամանակակից գրականութեան մասին:

– 14 նոյեմբերին Թաթուլ Յակոբեան ներկայացուց «Խորհրդային Հայաստանն ու քեմալականները» նիւթը:

– 15 նոյեմբերին Սեւան Գապագեան զեկուցեց «Դէպի Հայք» («Պըրթրայթ Արմինիա») կազմակերպութեան գործունէութեան մասին:

– 23 նոյեմբերին Միհրան Քիւրտօղլեան ներկայացուց սփիւռքեան խնդիրներն ու արեւմտահայերէնի իրավիճակը:

«Ազդակ» նաեւ այլ կառոյցներու հետ համագործակցաբար կազմակերպեց մշակութային եւ գրական բնոյթ ունեցող ձեռնարկներ, որոնց կարգին կարելի է յիշել Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի, ողբ հայրենասէրի» արեւմտահայերէնի վերածուած վէպին, Գէորգ Աբէլեանի «Մաքարոնի թիլէկ-թիլէկ» գիրքի, Գրիգոր Պըլըտեանի «Սերմեր» հատորին շնորհահանդէսները, ինչպէս նաեւ` երիտասարդ արուեստագէտները քաջալերող տարբեր նախաձեռնութիւններ:

***

«Ազդակ»ի կայքէջը 2012-ին կը թեւակոխէ իր հիմնադրութեան 10-ամեակը։ Բազմաթիւ վկայութիւններ, նամակներ եւ արձագանգներ կը հաստատեն, որ «Ազդակ»ի կայքէջը վերածուած է լիբանանահայ գաղութէն դէպի հայկական աշխարհ բացուող կարեւոր պատուհանի։

«Ազդակ» իր տպագիր տարբերակին կողքին լայն հասանելիութիւն ունի նաեւ համացանցային տարբեր հասցէներով, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր տարբեր բնոյթն ու նպատակը: Յատկանշական էր, որ «Ազդակ»-ի բովանդակութիւնը աշխարհով մէկ արտացոլացնող եւ շատ արագ կերպով լուրերն ու յօդուածները համայն հայութեան հասանելի դարձնող   www.aztagdaily.com¬ը, որուն հովանաւորն է «Վիվասել Էմ. Թի. Էս.»-ը, «Ազդակ»-ի ծննդեան թուականին` 5 մարտին, իր ընթերցողներուն ներկայացաւ վերաձեւաւորուած կերպով, կայքէջի բովանդակութիւնը ամբողջութեամբ վերածուեցաւ «Եունիքոտ» դրութեան, ինչ որ առիթ տուաւ նոյնիսկ հայերէն տառեր չունեցող համակարգիչ գործածողներուն դիւրութեամբ «Ազդակ» կարդալ:

«Ազդակ»-ի կայքէջի արաբատառ բաժանմունքը` www.aztagarabic.com¬ը, որուն հովանաւորն է «Փիւնիկ» հիմնադրամը, իր կարգին շարունակեց իր աշխուժ աշխատանքները` «Ազդակ»-ի մէջ լոյս տեսած խմբագրականներն ու կարգ մը ակնարկներ արաբերէնի թարգմանուած իր էջին վրայ տեղադրելով, ներգրաւելով արաբ գրողներ, հայութեան մասին անոնց տեսակէտներն ու կարծիքները, հայ մտաւորականներու, գրագէտներու մասին յատուկ էջեր պատրաստելով, Հայ դատի վերաբերող լրատուութիւնները արաբերէնով ներկայացնելով եւ այլն:

«Ազդակ»-ի մետիայի, ֆէյսպուքի, եութիուպի, պլոկի էջերը այս տարի եւս շարունակեցին կիզակէտը դառնալ նոր նիւթեր, տեսանիւթեր, լրատուութիւն, քննարկման վայր փնտռողներուն, որոնց թիւը բաւական մեծ է, եւ որոնց կարգին տիրական է երիտասարդութեան ներկայութիւնը: Ֆէյսպուքին վրայ տեղադրուած լուրերուն եւ յօդուածներուն հետեւողները կը վկայեն, որ անիկա իրենց ե-նամակատուփերուն մէջ նորագոյն լուրերուն եւ հետաքրքրական յօդուածներուն լինքերը զետեղելով` ինքնաբերաբար հետաքրքրութիւն կը շարժեն եւ կը մղեն կարդալու, հետեւելու Հայաստանի, լիբանանահայութեան եւ սփիւռքահայութեան նորութիւններուն:

Արհեստագիտութեան հետ քայլ պահելու ծիրին մէջ արդէն սկսաւ գործել «Ազդակ մոպայլ»-ը: Անոնք, որոնք հաղորդակցութեան եւ աշխատանքային ծրագիրներու համար կ՛օգտագործեն «Այ ֆոն» գործիքը, կրցան կապուիլ http://m.aztagdaily.com կամ www.aztagdaily.com հասցէին եւ հետեւիլ «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային հրատարակութեան նոր տարազին փոխանցած լրատուութիւններուն:

Նորանոր ծրագիրները մնայուն կերպով կ՛ընկերակցին «Ազդակ»-ին եւ անոնք յաւելեալ խթան ըլլալու կողքին, նաեւ մեծ պատասխանատուութիւն կը դնեն բոլորիս ուսերուն: «Ազդակ»-ի մեծ ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ լաւապէս կը գիտակցի, որ իր ունեցած ամէն տեսակի ու տարողութեամբ ներդրումը անհրաժեշտ է` ապահովելու թերթին երթը եւ շարունակելու, ինչպէս շատեր կ՛ըսեն, «Ազդակ»-ը իբրեւ հացի մը չափ անհրաժեշտութիւն, ամէն առաւօտ հասցնելու մեր ընթերցողներուն: Ի վերջոյ, անոնց նեցուկն ու քաջալերանքը, անոնց դրական կամ ժխտական անդրադարձն է փաստը, որ մեր հեւքոտ, սակայն քաղցր աշխատանքը իր նպատակին ծառայած է: Մենք կը շարունակենք` դարուն նորութիւններուն եւ պահանջներուն հետ քայլ պահելու մնայուն ճիգով, սակայն` միշտ փոխանցուած աւանդին կառչած մնալու վճռակամութեամբ, միշտ յուսալով եւ մաղթելով, որ մեր շրջապատին քաջալերանքն ու նեցուկը, մեզի նկատմամբ հաւատքն ու մեզմէ եղած ակնկալութիւնները եւս կը շարունակեն մնալ վառ եւ առկայ, որովհետեւ անոնք են մեր երաշխիքները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES