ՊԷՏՔ ՉԷ ԽԱԲՈՒԻԼ ՔԻՒՐՏԵՐՈՒ ԿՈՏՈՐԱԾՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՆԵՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ԴԱՏԱՐԿ ԽՕՍՔԵՐԷՆ

Նախորդ շաբաթ մեծ խառնաշփոթ ստեղծուեցաւ թուրք հասարակութեան մէջ, երբ վարչապետ Էրտողան անսպասելիօրէն ներողութիւն խնդրեց 1930-ական թուականներուն Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքը քիւրտերու դէմ կատարուած կոտորածներուն համար, որոնց մասին մինչ օրս արգիլուած էր խօսիլ:

Քիւրտերու կոտորածներուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջեւ քանի մը բացայայտ նմանութիւններ կան: Ապստամբութիւնը ճնշելու քողին տակ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը, Քեմալ Աթաթիւրքի գլխաւորութեամբ, հրամայեց սպաննել եւ տեղահան ընել տասնեակ հազարաւոր ալեւի քիւրտեր Տերսիմէն, որ ներկայիս յայտնի է Թունճելի անունով: Թրքական ռազմական օդանաւերը ռմբակոծեցին եւ թունաւոր կազեր արձակեցին լեռնային քարանձաւներու մէջ պատսպարուած քիւրտերու վրայ:

Հեգնականը այն է, որ ռմբակոծութիւններուն կը մասնակցէր Սապիհա Քէօքչեն` Թուրքիոյ առաջին կին օդաչուն, որ Աթաթիւրքի կողմէ որդեգրուած հայ որբուհի մըն էր: Քէօքչեն, անգիտակցաբար, մասնակից եղաւ ոչ միայն քիւրտերու, այլեւ 1915 թուականի Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած եւ Տերսիմի մեկուսացուած շրջանին մէջ ապաստանած իր ազգակիցներու ոչնչացման:

Տերսիմի կոտորածներու անակնկալ ճանաչումով Էրտողան ոչ թէ անկեղծ ցանկութիւն ունէր ջուրի երես հանել պետութեան կողմէ իրականացուած յանցագործութիւնը, որ կը թաքցուէր երկար տարիներէ ի վեր, այլ նպատակ ունէր վարկաբեկել իրեն հակառակորդ քաղաքական մրցակիցին` Քեմալ Քըլըչտարօղլուին, որուն գլխաւորած Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը (ՀԺԿ) կանգնած էր իշխանութեան գլուխը, երբ քիւրտերու նկատմամբ իրականացան նշեալ վայրագութիւնները:

Էրտողան խորամանկօրէն յաջողեցաւ ձեռք բերել հասարակական մեծ համակրանք, մասնաւորապէս երբ Քըլըչտարօղլու, որպէս բնիկ տերսիմցի, կորսնցուցած ըլլալով իր ընտանիքէն շատ անդամներ, մերժեց շրջել

ՀԺԿ-ի երկարամեայ մօտեցումը` թաքցուած կոտորածները բացայայտելու մէջ:

Տեսնելով իր մրցակիցին աւելի մեծ հարուած հասցնելու հնարաւորութիւնը` վարչապետ Էրտողան ելոյթ ունեցաւ պատկերասփիւռէն` պետական արխիւներէն երեւան բերելով շարք մը կարեւոր փաստաթուղթեր, որոնք կը ներկայացնէին քիւրտ տղամարդոց նկատմամբ իրականացած դաժան խոշտանգումներուն մանրամասնութիւնները, կիներու բռնաբարութիւններն ու երեխաներու անդամահատումը: Թատերականօրէն ան պատռեց Տերսիմի կոտորածներուն նուիրուած կառավարութեան կեղծ զեկոյցը:

Ի պատասխան Էրտողանի յարձակումներուն, Քըլըչտարօղլու վերջապէս հանդէս եկաւ անակնկալ յայտարարութեամբ մը: Թէեւ ան մերժած է ճանչնալ Տերսիմի ջարդերը, այնուամենայնիւ, ան յայտարարեց, թէ ներողութիւն խնդրելը բաւարար չէ: Ան Էրտողանէն պահանջեց բացայայտել այս հարցին առնչութեամբ արխիւին մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր փաստաթուղթերը, եւ վերադարձնել քիւրտերէն առգրաւուած գոյքը:

Վարչապետին անակնկալ ներողութիւնը Թուրքիոյ մէջ մեծ բանավէճի առիթ դարձաւ: Լրատուական միջոցներու որոշ մեկնաբաններ Էրտողանի կողմէ Տերսիմի կոտորածներուն ճանաչումը դիտեցին որպէս ոչ միայն միլիոնաւոր ալաուի ընտրողներու կողմէ Քըլըչտարօղլուին ցուցաբերուած աջակցութիւնը խոչընդոտելու, այլ Աթաթիւրքի ժառանգութիւնը արժեզրկելու փորձ: Այլ վերլուծաբաններ յոյսի նշոյլներ տեսան այն գծով, որ Էրտողան կը պատրաստուի ճանչնալու Թուրքիոյ պատմութեան մնացեալ մութ դրուագները` ներառեալ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Քըլըչտարօղլու, իր կարգին, փորձեց Էրտողանը վարկաբեկել` զայն մեղադրելով, որ կը պատրաստուի ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը` անոր մտածելակերպը նոյնացնելով սփիւռքահայերու մտածելակերպին: Էրտողան անմիջապէս հակադարձեց` այդ համեմատութիւնը իբրեւ վիրաւորանք ընդունելով իր անձին նկատմամբ, նաեւ խստօրէն յանդիմանեց եւ զգուշացուց իր քաղաքական հակառակորդը, որ նման զուգահեռներ չգծէ:

Էրտողանի ցեղապաշտական արձագանգը լաւ չընդունուեցաւ անոնց կողմէ, որոնք կը պնդէին, թէ` «հրաշագործ կախարդը դուրս եկած է լապտերէն», յուսալով, որ քիւրտերուն ուղղուած վարչապետին ներողութիւնը նախադէպ պիտի ըլլայ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը վերջնականապէս ճանչնալու համար: Տերսիմի կոտորածներուն ուղղութեամբ վարչապետին կողմէ կատարուած աղաւաղուած յայտարարութիւնները ուշադիր ուսումնասիրելով` չես կրնար չնկատել անոնց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Թուրքիոյ ժխտողական տեսակէտներուն: Անոնք են`

1- Նուազեցնել քիւրտերու զոհերուն թիւը` տասնեակ հազարաւորներէն մինչեւ 13,800ի:

2- Քիւրտերուն ջարդերը նկարագրել պարզապէս որպէս «սպանութիւն» կամ «դէպքեր»:

3- «Սպանութիւններ»-ուն մեղքի բաժինը բեռցնել աւելի շատ հակառակորդ քաղաքական կուսակցութեան ուսերուն, քան` Թուրքիոյ պետութեան:

4- Ոչ մէկ փոխհատուցում առաջարկել քիւրտ զոհերու ժառանգորդներուն:

Բոլոր անոնք, որոնք միամիտ յոյսեր կը փայփայեն այն մասին, թէ Էրտողան շուտով հանդէս պիտի գայ նմանատիպ ներողութեամբ մը` Հայոց ցեղասպանութեան կապակցութեամբ, վստահաբար պիտի յուսախաբուին: Իրականութեան մէջ, Թուրքիոյ ներողութիւնը աւելի շատ պիտի վնասէ Հայկական հարցին, քանի որ անիկա կը յուսալքէ որոշ հայեր` Թուրքիայէն փոխհատուցում պահանջելու հարցով, կ՛ապակողմնորոշէ միջազգային համայնքը` մղելով զայն մտածելու, որ հայերուն պահանջները այժմ ամբողջութեամբ բաւարարուած են, եւ այդպիսով` հայերը կը զրկուին հետագային իրենց ազգային դատին համար քաղաքական աջակցութիւն ստանալէ:

Աւելի՛ն. եթէ Էրտողան ներողութիւն խնդրէ Հայոց ցեղասպանութեան համար, ապա միջազգային համայնքը անոր գովքը պիտի հիւսէ, պիտի առաջադրէ անոր թեկնածութիւնը Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակին, եւ պիտի աջակցի Եւրոպական Միութեան` Թուրքիոյ անդամակցութեան:

Միջազգային համայնքը պէտք է փոխարէնը պահանջէ, որ Էրտողան ամբողջութեամբ ճանչնայ հայերու, ասորիներու, յոյներու եւ քիւրտերու ցեղասպանութիւնը, հանդէս գայ անկեղծ ներողութեամբ, փոխհատուցում առաջարկէ եւ վերադարձնէ առգրաւուած կալուածները միլիոնաւոր անմեղ զոհերու ժառանգորդներուն:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES