ԹՐՔԱԿԱՆ ՆՈՐ ՕՐԷՆՍԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ
Երբ ես կը նստիմ այս յօդուածը գրելու համար, Ցեղասպանութեան մերժումը քրէականացնող ֆրանսական քուէն տակաւին 12 ժամուան հեռաւորութիւն ունի: Ամէն պարագայի, քուէարկութեան արդիւնքը ամբողջովին կապ պիտի չունենայ այս յօդուածին բովանդակութեան հետ:
Վերջին տարիներուն վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ըսաւ, որ Չինաստանի վերաբերմունքը իր թրքացեղ ույղուր փոքրամասնութեան հանդէպ «կը մօտենայ ցեղասպանութեան», թէ` ինք մեկնած է Տարֆուր, ուր ցեղասպանութիւն չէ տեսած, թէ` քաղաքական գործիչները պէտք չէ մեկնաբանութիւն ընեն ցեղասպանութեան մասին, եւ թէ` ատիկա պատմաբաններու գործն է: Եւ միայն նոյեմբերին Էրտողան թուրք քաղաքական գործիչները հրաւիրեց ազատօրէն քննարկելու համար 1937-1938 թուականներու Տերսիմի մէջ ըմբոստացած հազարաւոր քիւրտերու ջարդերը` ողբերգութեան համար մեղադրելով Ժողովրդահանրապետական կուսակցութիւնը (ԺՀԿ)` այդ օրերու իշխող (եւ միակ) կուսակցութիւնը:
Բայց դեկտեմբերի երկրորդ շաբաթէն ի վեր մեծամեծները տեւաբար կը նախազգուշացնեն, որ ֆրանսական կառավարութեան հետ բոլոր գործակցութիւնները, նախագիծերը, միացեալ ծրագրերը եւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները պիտի սառեցուին, եթէ Ֆրանսայի խորհրդարանը ընդունի օրինագիծ մը, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը ապօրինի կը դարձնէ:
Փաստօրէն Ցեղասպանութեան հայկական պնդումները կրնային գտնել բազմաթիւ աջակցողներ, մասնաւորաբար` իշխող իսլամական ընտրանիի շարքերուն մէջ, եթէ իրենք մեղադրէին Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքը (կամ անոր վարչապետը` Իսմեթ Ինէօնիւն), օսմանեան կառավարութեան փոխարէն: «Օսմանեան հպումն» է, որ կը վիրաւորէ Թուրքիոյ նոր-օսմանցիները: Եւ զարմանալի ու անակնկալ չէ, որ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու ըսաւ, որ ֆրանսական օրինագիծը «անպատուեց մեր երկիրն ու ազգը»:
Նախ փրոֆ. Տաւութօղլու, դո՛ւք պէտք էր սորված ըլլայիք ձեր պոսէն, վարպետէն` Էրտողանէն, որ խորհրդարանները կը ներկայացնեն «ժողովուրդին կամքը» եւ անոնց որոշումները սուրբ են ժողովրդավարութիւններու մէջ: Դուք պէտք էր կարենայիք բացատրել, թէ ինչո՛ւ Թուրքիոյ խորհրդարանի որոշումները սուրբ են, բայց Ֆրանսայի կամ որեւէ այլ խորհրդարանի որոշումները կրնան այդպէս չըլլալ:
Երկրորդ, դուք պէտք էր կարենայիք բացատրել, թէ ինչո՛ւ քաղաքական գործիչները պէտք է կարնենան խօսիլ եւ քուէարկել անցեալի ոճիրներուն, ինչպէս` Տերսիմի ջարդերուն մասին, բայց ոչ` Հայոց ցեղասպանութեան մասին:
Երրորդ, դուք պէտք էր կարենայիք բացատրել, թէ ինչո՛ւ Թուրքիոյ ղեկավարը իրաւունք ունի ըսելու, որ Սուտանի մէջ ցեղասպանութիւն չկայ, «որովհետեւ ինք մեկնած է Սուտան եւ Ցեղասպանութիւն չէ տեսած», մինչ ֆրանսացի կամ ոեւէ այլ ղեկավար իրաւունք չունի ըսելու, որ Հայոց ցեղասպանութիւն եղած է: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ նախագահ Սարքոզի անձամբ չէ՞ տեսած ատիկա:
Չորրորդ, անշուշտ, դուք պէտք էր կարենայիք բացատրել, թէ ինչո՛ւ Թուրքիա դիւանագիտական լիարժէք յարաբերութիւններ ունի Զուիցերիոյ հետ, ուր Ցեղասպանութեան ժխտումը յանցանք է, բայց կը մտադրէ սառեցնել յարաբերութիւնները Ֆրանսայի հետ, եթէ վերջինս վաւերացնէ, ընդունի նոյն օրինագիծը:
Բայց առաւել կարեւորը, Թուրքիոյ ոչ շատ հասուն «մենք պիտի սառեցնենք մեր կապերը, ետ պիտի կանչենք մեր դեսպանը եւ ձեր ընկերութիւնները պիտի տուժեն» հռետորաբանութիւնը օրինակ մը սահմանած էր օրէնսգիտութեան, իրաւագիտութեան, որուն մասին ո՛չ Էրտողան, ո՛չ ալ Տաւութօղլու պիտի ուզէին, որ ապագային մէկը յիշեցնէ իրենց:
2001 թուականին ֆրանսական խորհրդարանը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այնպէս, որ ատիկա Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ կատարեալ բնականոն յարաբերւթիւններու տասնամեակ մը եղած էր:
Այժմ Թուրքիա կը սպառնայ սառեցնել յարաբերութիւնները, եթէ Ֆրանսայի խորհրդարանը Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծ վաւերացնէ:
Անգարա սխալելով` հետեւեալ օրինակը կը ստեղծէ. «Յարգելի անդամներ աշխարհի խորհրդարաններու, այսուհետեւ դուք կրնաք ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կատարելապէս բնականոն յարաբերութիւններ ունենալ մեզի հետ: Սակայն մենք շատ խիստ պիտի նեղուինք, պիտի վիրաւորուինք միայն այն պարագային, երբ դուք Ցեղասպանութեան ժխտումը ապօրինի հռչակէք»:
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը պատգամը պիտի հասկնա՞յ: Թուրքերը պէտք է յուսան, որ ոչ:
Ցաւօք, աշխարհի մէջ աւելի քան 20 երկիրներ, որոնց խորհրդարանները ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, տհաճ յուշարար են, որ փափուկ, մեղմ ուժը, զոր Տաւութօղլու կը սիրէ ենթադրել, թէ Թուրքիա ունի, իրական աշխարհին մէջ գոյութիւն չունի:
ՊՈՒՐԱՔ ՊԵՔՏԻԼ
«Հիւրրիյէթ»

