ԹՈՒՐՔԻԱՆ ԻՆՉՈ՞Ւ ՓՈԽՈՒԵՑԱՒ

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

Սուրիոյ տագնապալի իրավիճակը ոչ արաբ դրացի Թուրքիոյ համար շահերու եւ վտանգներու դռներ կը բանայ միաժամանակ:

Մարտին, երբ սկիզբ առին բոլորիս ծանօթ Սուրիոյ վերջին անցուդարձերը, թուրք-սուրիական յարաբերութիւնները բացառիկ վիճակի մէջ էին:

Օրին Թուրքիոյ հետեւողական եւ շարունկաուող միջամտութիւնները անհանգստացուցին սուրիական իշխանութիւնները, իսկ երբ այդ միջամտութիւններու եղանակը բարձրացաւ սպառնալիքի մակարդակին, երկկողմ յարաբերութիւնները աւելի վատացան: Հետագային Թուրքիոյ մէջ սուրիական ընդիմադիրներուն, փախստականներուն եւ զօրքէն անջատուածներուն «սրտբաց» ընդունելութիւնն ու ֆինանսաւորումը, ինչպէս նաեւ թրքական սահմաններէն դէպի Սուրիա զինամթերք եւ զինեալներ փախցնելու իրողութիւնները իրենց գագաթնակէտին հասցուցին լարուած մթնոլորտը: Երկկողմ բազմակողմանի համաձայնագրերը սառեցան կամ ջնջուեցան, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ կողմէ տնտեսական պատժամիջոցներ գործադրուելու կողքին, Թուրքիան բացայայտ ներդրում ունեցաւ Արաբական լիկայի որդեգրած պատժամիջոցներուն մէջ:

Երէկուան մտերիմ «բարեկամ»ը այսօր ինչո՞ւ  Սուրիական վարչակարգը տապալելու տքնաջան աշխատանք կը տանի: Ինչո՞ւ կը Ֆինանսաւորէ այսպէս կոչուած «ընդդիմադիրները» եւ զինուած աւազակախումբերը:

Թուրքիոյ համար վտանգ է Սուրիոյ անկայունութիւնը: Թուրքիոյ հետ ամէնէն երկար սահման ունեցող դրացիին անկայունութիւնը լուրջ մտահոգութիւնը է Թուրքիոյ ներքին դրուածքին համար, որովհետեւ ընթացող անկարգութիւնները բազմապատկուելու պարագային կրնան մեծ թիւով սուրիացիներու դէպի Թուրքիա գաղթելուն պատճառ դառնալ, ինչպէս որ պատահեցաւ Իրաքի պարագային, 1990-ականներուն:

Միւս կողմէ` Թուրքիան զգուշութեամբ կը վարուի քրտական հարցին հետ եւ չի փափաքիր, որ ՔԱԿ-ի ամիսներ առաջ պատահած յարձակումները կրկնուին:

Այս բոլորին կողքին, Սուրիոյ անկայունութիւնը կը վտանգէ Թուրքիոյ առեւտրական ճամբաններն ու հիմնական մէկ  դուռը կը փակուի արաբական աշխարհ գացող թրքական արտադրութիւններուն:

Ուրեմն, նկատի առած այս վտանգները Թուրքիան ինչո՞ւ կտրականապէս փոխեց իր կեցուածքը:

Փաստօրէն, այս հարցերէն բխող առիթներու օգտագործումը, Թուրքիոյ հետապնդած շահերն ակնկալիքները կը գերազանցեն յառաջացած վտանգներու հետեւանքները: Այսպէս`

Ա.- Վերլուծաբաններու համաձայն, սուրիական վարչակարգի տապալումը եւ սիւննի իշխանութեան հաստատումը պատճառ պիտի դառնան Սուրիա-Իրան ռազմավարական եւ ջերմ յարաբերութիւններու խզումին: Այսպիսով, Թուրքիան շրջանի իր միակ եւ հզօրագոյն մրցակից Իրանը կը տկարացնէ, կը խաչաձեւէ կամ կը կիսէ Հըզպալլա-Սուրիա-Իրաք եւ Իրան յառաջացած շիի մահիկը, ինչպէս նաեւ կը կրկնապատկէ իր ազդեցութեան գօտիները:

Բ.- Նորօսմանականութեան գաղափարաբանութեան գործադրութեան լաւագոյն առիթն ու ժամանակը կը հանդիսանայ սուրիական իշխանութեան հաւանական տապալումը:

Գ.- Ամերիկեան եւ արեւմտեան քաղաքականութեան եւ հրահանգներու գործադրութեան դիմաց, փոխադարձ շահ մը կ՛ապահովէ Թուրքիան: Ամերիկեան քաղաքականութեան կամակատարի կեցուածքով` Թուրքիան Ամերիկայի եւ Եւրոպայի կողմէ նուազ ճնշումներու կ՛ենթարկուի, ինչպէս նաեւ այս խնդիրներուն մէջ հիմնական բաժին ունեցող ուժանիւթային աղբիւրներուն դէպի արեւմուտք անցումը իր հողերուն վրայէն անցնելու ոսկի առիթը ձեռք կը ձգէ:

Դ.- Թուրքիան հակասուրիական կեցուածքներով, իր խախուտ տնտեսութիւնը կայունացնելու նպատակով Արեւմուտքի կողմէ յայտարարուած ու չյայտարարուած տնտեսական եւ Ֆինանսական ներդրումներ եւ ծրագիրներ կ՛ապահովէ:

Վերոնշեալ բոլոր հաստատումները կը ջրեն Թուրքիոյ յայտարարած սահմանակից դրացիներուն հետ զերօ խնդիրներ ունենալու քաղաքականութեան իրաւացիութիւնը, երեւան կը հանեն Թուրքիոյ դաւաճան եւ ապերախտ դիմագիծը եւ անգամ մը եւս կը շեշտեն, որ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը սկզբունքներու վրայ չէ հիմնուած, այլ` խարդախ եւ աննկարագրային հաշիւներու:

 

Share this Article
CATEGORIES