ԱՐՑԱԽ. ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ԴԻՐՔԵՐԸ
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան 31 դեկտեմբերին այցելեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի սահմանի հարաւային հատուածին առջեւի գիծը եւ շնորհաւորեց զինուորները Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առիթով:
Նախագահ Սահակեան նշեց, որ ամուր պահելով պետական սահմանը` զինուորները կ՛ապահովեն նաեւ կայունութիւնը եւ խաղաղութիւնը ամբողջ շրջանին մէջ:
Նախագահ Սահակեանին կ՛ուղեկցէին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան, պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:
CATEGORIES Հայկական