ՀԱՅՐԵՆԻ ԿԵԱՆՔ

ՌԱԼՖ ԵԻՐԻԿԵԱՆ ԴԱՐՁԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ
ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ «ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՆ»
ՄՐՑԱՆԱԿԻ ԱՌԱՋԻՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐԸ

«Վիվասել – Էմ. Թի. Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան դարձած է Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի առեւտուրի եւ գործարար կառավարման բաժանմունքին կողմէ հիմնուած` «Առեւտուր առաջնորդութեան» մրցանակի առաջին մրցանակակիրը: Ըստ «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի մամլոյ ծառայութեան, Ռալֆ Եիրիկեան պարգեւատրուած է մասնագիտական նշանակալի մակարդակի եւ ձեռքբերումներու, ինչպէս նաեւ կազմակերպչական կամ բնագաւառային մակարդակի վրայ յստակ ռազմավարական տեսլականի արդիւնաւէտ կիրարկման համար:

Դեկտեմբեր 17-ին Հայաստանի ամերիկեան  համալսարանին մէջ կազմակերպուած մեծարման յատուկ արարողութեան ընթացքին «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանին շնորհուած է Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի առեւտուրի եւ կառավարման բաժանմունքին` «Առեւտուրի առաջնորդութեան» մրցանակը: Ան այսպիսով դարձած է այն առաջին անձը, որ ստացած է այս մրցանակը:

Ամէնամեայ մրցանակը հիմնուած է Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի առեւտուրի եւ կառավարման բաժանմունքին կողմէ: Մրցանակակիրները պիտի որոշուին հետեւեալ չափանիշներով.

Ա.- Մասնագիտական նշանակալի մակարդակ եւ ձեռքբերումներ:
Բ.- Կազմակերպչական կամ բնագաւառային մակարդակի մէջ յստակ ռազմավարական տեսլականի արդիւնաւէտ կիրարկում:
Գ.- Աշխատանքային պայմաններու զգալի որակական բարելաւման նպաստող քաղաքականութեան եւ գործնական ներդրում կազմակերպութեան շրջանակին մէջ:
Դ.- Համագործակցութեան բարոյագիտութեան եւ պատասխանատուութեան կանոններու պահպանում:
Ե.- Կազմակերպութեան ձեւի համապատասխանութիւն` կայուն գործարարութեան սկզբունքներուն:
Զ.- Կենսական հարցերու մէջ հաւատարմութիւն եւ հասարակութեան ծառայութիւն:

Նշենք, որ մրցանակը Ռալֆ Եիրիկեանի յանձնած է համալսարանի  նախագահ Բրիւս Պօղոսեան եւ առեւտուրի եւ կառավարման բաժանմունքի նախագահ Էրիկ Գէորգեան:

Մրցանակաբաշխութեան պաշտօնական արարողութենէն ետք Էրիկ Գէորգեանի փափաքով Ռալֆ Եիրիկեան ներկայացուցած է առեւտուրի արդիւնաւէտ առաջնորդի իր տեսլականը: Ան յայտնած է, որ` «կարելի է նշել արդիւնաւէտ առեւտուրի առաջնորդութեան հարիւրաւոր նախապայմաններ` շուկային զարկերակը զգալու ունակութիւնը, մասնագէտներու լաւ խումբի ձեւաւորումը եւ անոր շարժիչ ուժը ըլլալը, բեկումնային գաղափարները ի մի բերելու հմտութիւնը, ոլորտի միտումները հասկնալը, ինչպէս նաեւ` նորարարութիւններուն եւ գիտական վերջին մշակումներուն ծանօթ ըլլալը եւ այլն: Անկասկած թուարկումներս բոլորը անհրաժեշտ, սակայն ոչ բաւարար պայմաններ եւ կայուն առեւտուր ստեղծելու համար: Ես կը հաւատամ, որ «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը չէր կրնար յաջողիլ առանց «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.» ընտանիքի անդամներուն: Մենք կը հաւատանք նաեւ, որ մեր գտած յաջողութիւնը պէտք  է տարածենք Հայաստանի ամբողջ տարածքին, ինչպէս նաեւ պարտաւոր ենք կիսել զայն բոլոր հայերուն հետ եւ նպաստել երկրին աճին», խօսքը եզրափակած է Ռալֆ Եիրիկեան:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԲԱԴԱԼԵԱՆԻ ՈՒՂԻԻՆ ՄԱՍԻՆ
ՊԱՏՄՈՂ ՇԱՐԺԱՊԱՏԿԵՐ`
«ՆՐԱ ՀԵՏՔԵՐՈՎ» ԽՈՐԱԳԻՐՈՎ

Խորհրդային Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Յովհաննէս Բադալեանի ծննդեան 85-ամեակին առիթով դեկտեմբեր 9-ին Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանին մէջ ցուցադրուեցաւ նաեւ «Նրա հետքերով» վաւերագրական շարժապատկերը, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցան անոր երգերուն «Երգարան» խորագիրով գիրքին եւ ձայներիզին շնորհահանդէսները:

«Յովհաննէս Բադալեան պարզ, հասարակ, ազնիւ մարդ է», շարժանկարին սկիզբը ինքն իր մասին պատմած է արուեստագէտը:

«Նրա հետքերով» վաւերագրական շարժապատկերը կը պատմէ ժողովրդական արուեստագէտին անցած ստեղծագործական բուռն ուղին, երաժշտական երկարամեայ գործունէութեան եւ հայրենադարձութեան մասին: Բադալեանին մասին խօսած են նաեւ անոր ընկերները, կինը` Մարգարիտա Բակունց, գործընկերները` Ռուբէն Մաթեւոսեան,  Ջիւան Գասպարեան, Կոստանդին Օրբէլեան եւ ուրիշներ:

«Շատ յուզուած եմ: Երկար սպասած եմ այս ժապաւէնին եւ կը կարծեմ, որ Յովհաննէսի նման արուեստագէտները պէտք չէ մոռցուին», նշած է Մարգարիտա Բակունց: Ըստ անոր, Բադալեան չէր կրնար չերգել, որովհետեւ հայկական ժողովրդական երգը անոր առաքելութիւնն էր: Նշենք, որ «Նրա հետքերով» վաւերագրական շարժապատկերը ստեղծուած է երգիչին թոռնուհիներուն` Աննա եւ Սոնա Խանդեաններուն շնորհիւ, իսկ նկարահանումները կատարուած են Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Ըստ Յ. Բադալեանի ընկերներուն, Բադալեան առանձնացաւ ո՛չ միայն իր երգացանկին վրայ  ընդգրկուած նոր երգերով, այլեւ` այդ երգերուն նորովի կատարումներով եւ մատուցումով: Այսօր Բադալեանի արուեստը յաջողութեամբ կը շարունակեն անոր սաները, որոնց նախաձեռնութեամբ հիմնադրուած է վարպետին անունով դպրոց մը, ուր այժմ կ՛ուսանի 40 աշակերտ:

Շարժապատկերի աւարտին Յ. Բադալեան երիտասարդներուն իր պատգամը փոխանցած է յայտնելով. «Կ՛ուզեմ, որ հայ երիտասարդները ըլլան առողջ եւ ամուր պահեն իրենց անկախութիւնը եւ ազգային սովորութիւնները»:

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ`
ՆՈՐ ՁԵՒԱՉԱՓՈՎ

Դեկտեմբեր 12-ին Համազգայինի թատրոնին մէջ տեղի ունեցած է «Հայաստա՛ն, անունդ տալիս» խորագիրով բանաստեղծական ներկայացումը, որ աջակցութեամբ Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի բեմադրած են` «Սոմա» բանաստեղծական թատրոնը, Երեւանի շարժապատկերի եւ թատրոնի պետական հիմնարկի ուսումնական թատրոնը: Ներկայացման բեմադրիչը եւ հեղինակ-կատարողը «Սոմա» բանաստեղծական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Դաւիթ Ասատրեանն է:

«Հայաստան, անունդ տալիս» բանաստեղծական ներկայացումը հիմնուած է պատմական` Վահագն Դաւթեանի «Ճերմակ ձիաւորը», Գեղամ Սարեանի «Փառքի տաճար», Գէորգ Էմինի «Սասունցիներու պար» բանաստեղծութիւններու հիման վրայ: Ստեղծագործութիւններուն ընտրութիւնը կատարուած է նկատի առնելով անոնց պատմական կարեւորութիւնը եւ ընդհանրապէս մեր հասարակութեան մէջ քիչ կարդացուած ըլլալը:

Ներկայացումը բեմադրուած է մէկ դերասանի թատրոնի սկզբունքով` համեմուած ազգային երգ ու պարով: Արուեստագէտը հանդիսատեսին հետ կապի մէջ մտած է խօսակցական բաժիններով, իսկ երաժշտութիւնը իրականացուած է կենդանի հնչեղութեամբ:

Ըստ Դաւիթ Ասատրեանի, բանաստեղծութեան երեկոները այսուհետեւ պէտք է ներկայացուին նոր ձեւաչափով` ազգային երգ ու պարով, փոքրիկ ներկայացումներով, որովհետեւ հանդիսատեսին համար դժուար է անընդմէջ լսել ոտանաւորներ: «Սոմա» բանաստեղծական թատրոնը որոշած է դասական գրողները ներկայացնել այս ոճին մէջ», շեշտած է Դաւիթ Ասատրեան:

Երիտասարդ բեմադրիչը համամիտ չէ այն տեսակէտին, թէ այսօր հանդիսատեսն է, որ կը թելադրէ ի՛նչ մատուցել իրեն: «Ես կը կարծեմ, որ հանդիսատեսը կ՛ընկալէ այն, ինչ որ իրեն կը մատուցուի: Բարձրաճաշակ արուեստը կրնայ կրթել եւ դաստիարակել հանդիսատեսը: Թէ՛ ներքնապէս, թէ՛ արտաքնապէս մեզի պարտադրուող համատարած աղբի կողքին անպայման պէտք է դասական արուեստը ներկայացուի: Օրինակ` Բալահովիտի դպրոցին մէջ մենք բանաստեղծութիւն մեկնաբանեցինք: Պէտք էր տեսնել այնտեղ ներկայ գտնուող փոքրիկներուն հրաշք աչքերը, որոնք հիացմունքով կը դիտէին եւ կ՛ունկնդրէին մեզ: Այդ փոքրիկները բնականոն արուեստ չեն տեսած, բայց պարզուեցաւ այն, որ կը սիրեն եւ կը հասկնան այն, ինչ որ գեղեցիկ եւ ազգային է»:

Յայտնենք, որ «Սոմա» թատրոնը հիմնադրուած է երեք տարի առաջ, բանաստեղծութիւնը եւ բեմը սիրող խումբ մը երիտասարդներու կողմէ: Անոնք ներկայացումներով հանդէս կու գան ո՛չ միայն մայրաքաղաքին, այլ մարզերուն մէջ եւս:

«ՀԱՅՈՒՀԻՆԵՐ» ԽՈՐԱԳԻՐՈՎ ԵՐԿՀԱՏՈՐԵԱՅ
ՀԱՆՐԱԳԻՏԱՐԱՆԸ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՀԱՅ ԿԻՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Հայաստանի գիտութեանց ազգային ակադեմիայի նախագահութեան նիստերու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայուհիներ» խորագիրով երկհատորեայ հանրագիտարանին շնորհահանդէսը: Երկհատորեակը կազմուած է 12 բաժինէ: Անոնք կը բովանդակեն կենսագրական տեղեկութիւններ հին ժամանակներէ մինչեւ մեր օրերը Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի աւելի քան 50 երկիրներու մէջ 1236 յիշարժան յայտնի հայ կիներու մասին, որոնք փառաւորած են իրենց հայրենիքը եւ անջնջելի հետք ձգած են զանազան բնագաւառներու եւ տարբեր երկիրներու մէջ:

Հանրագիտարանին մէջ ամփոփուած են տեղեկութիւններ` բժշկութեան, գիտութեան, գրականութեան, թատրոնի, երաժշտական աշխարհի, պարարուեստի, նկարչութեան, մարմնամարզութեան, ճարտարապետութեան, շինարարութեան, ազգային-ազատագրական շարժումի, պետական հասարակական գործունէութեան եւ բարեգործութեան բնագաւառներուն մէջ յայտնի հայուհիներու, նոյնիսկ դիցուհիներու, թագուհիներու, իշխանուհիներու եւ սուրբերու մասին:

«Հայուհիներ» հանրագիտարանը լոյս տեսած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի աջակցութեամբ եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի  հայրապետական օրհնութեամբ: Հանրագիտարանին գլխաւոր խմբագիրն է գրող-հրապարակախօս Զօրի Բալայեան:

Հանրագիտարանին մէջ հայ հերոսուհիներուն դրուատանքի խօսքեր ուղղած են` Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, Երեւանի պետական համալսարանի հայ եկեղեցւոյ եւ եկեղեցաբանութեան ամպիոնի վարիչ Լեւոն Սարգսեան, Հայաստանի բանակի զօրավար Արկադի Տէր Թադեւոսեան, Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեան, բժշկական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Դերենիկ Դումանեան, Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան, դերասան, Խորհրդային Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Սօս Սարգսեան, երգահան, Խորհրդային Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, փրոֆեսէօր Էդուարդ Միրզոյեան, Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Յովհաննէս Դիւանեան, նկարիչներու միութեան նախագահ, փրոֆեսէօր Կարէն Աղամեան, Հայաստանի ճարտարապետներու միութեան նախագահ Մկրտիչ Մինասեան եւ լրագրող, մարզական մեկնաբան Ալեքսանդր Գրիգորեան:

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ
ՏԵՂԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆԸ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ
ՄԱՐՏՈՒՆԻ ՔԱՂԱՔԻՆ ՄԷՋ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ ԿԸ ԿԱՌՈՒՑԷ

Լեռնային Ղարաբաղի Մարտունի քաղաքին մէջ հիւանդանոցի համաֆինանսաւորում կը կատարեն «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի տեղական մարմինը, Հայ բժիշկներու հիմնադրամը եւ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութիւնը:

Ներկայիս քաղաքային հիւանդանոցը 1965 թուականի կառոյց է: Այսօր անիկա պատշաճ բուժիչ սպասարկութիւն իրականացնելու համար այլեւս պիտանի չէ:

Նոր երկյարկանի հիւանդանոցը բուժիչ ծառայութիւններու համար պիտի ապահովէ ժամանակակից պայմաններ: Նորակառոյց նկուղային յարկին մէջ պիտի տեղակայուին պահեստները եւ սպասարկման սենեակները, առաջին յարկին վրայ` վարչական մասը, դարմանատուները, ախտորոշման, շտապ օգնութեան եւ վարակիչ հիւանդութիւններու բաժանմունքները, իսկ երկրորդ յարկին վրայ` վիրահատական, մարզաբուժութեան եւ կնոջական հիւանդութիւններու բաժանմունքները: Ելեկտրաենթակայանը, ջեռուցման եւ օդափոխութեան համակարգերը կարելիութիւն պիտի ընծայեն հիւանդանոցին արդիւնաւէտութեան: Իսկ հիւանդանոցին ընդարձակ բակը պիտի բարեկարգուի հիւանդներուն հանգստութիւն ապահովելու նպատակով:

Հիւանդանոցին նորակառոյց բաժինը կը զբաղեցնէ 2470 քառ. մեթր մակերես: Ցարդ կառուցուած են նկուղը եւ առաջին յարկը եւ ընթացքի մէջ է երկրորդ յարկի շինարարութիւնը: Ըստ հիւանդանոցի գլխաւոր բժիշկին` Գրիշա Գասպարեանին, հիւանդանոցը տարեկան կրնայ սպասարկել մօտաւորապէս 1000 անկողնի պէտք ունեցող եւ 1400 շտապ բուժման հիւանդներու: Նշենք, որ այս հաստատութիւնը պիտի սպասարկէ նաեւ դրացի գիւղերու բնակիչներուն:

«Այս երկրորդ մեծ հիւանդանոցն է, որ կը կառուցուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ` Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի հայութեան օժանդակութեամբ: Ստեփանակերտի բազմադարմանատունը, որ կառուցուած եւ կահաւորուած է նոյն համայնքի ջանքերով, արդէն 9 տարի է, որ էապէս կը խթանէ բնակչութեան առողջութեան պահպանման», յայտնած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան: Ան յայտնած է. «Վստահ եմ, որ Մարտունիի հիւանդանոցը նոյնքան որակաւոր բուժսպասարկութիւն պիտի իրականացնէ շրջանին»:

Յիշեցնենք, որ հիմնադրամին Նիւ Եորքի գրասենեակը Երեւանի պետական բժշկական համալսարանին հետ միատեղ ներդրած է նաեւ հեռաբժշկութեան համակարգ «Հայպրիճ», որուն միջոցով առցանց ախտորոշում եւ բուժական խորհրդատուութիւն կը տրամադրուի Հայաստանի եւ Արցախի շարք մը բուժհաստատութիւններուն:

Տեղեկացնենք, որ ներկայիս Մարտունիի մէջ հեռուստամարաթոն 2010-ի նուիրատուութիւններով կը վերակառուցուի քաղաքի ջրամատակարարման ցանցը: Արդէն աւարտած է ցանցին առաջին գօտիին վերակառուցումը, մրցութային հանգրուանի մէջ են երկրորդ եւ երրորդ գօտիներու վերակառուցման ծրագիրները:

«ՎԻՎԱՍԵԼ-ԷՄ. ԹԻ. ԷՍ.»-Ը ՊԻՏԻ ԿՐԿՆԱՊԱՏԿԷ
ԱՆՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿ ԳԵՐԱՐԱԳ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ԾԱՒԱԼԸ

«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի մամլոյ ծառայութենէն տեղեկացուցած են, որ 2011-ի դեկտեմբերին եւ 2012-ի յունուարին «Էմ. Թի. Էս. Քոննեքթ անսահմանափակ» ծրարի բաժանորդները միեւնոյն գումարին դիմաց ներբեռնման համար պիտի ստանան ամսական 10 քիլոպայթ գերարագ համացանց` նախկին 5-ի փոխարէն:

Նոյնպէս «Էմ. Թի. Էս. Քոննեքթ անսահմանափակ+»  ծրարի բաժանորդները ներբեռնման համար նախկին 10 քիլոպայթի փոխարէն պիտի ստանան ամսական 20 քիլոպայթը գերարագ համացանց:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES