ԻՐԱՔԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ԹԻՒԸ ԳԵՐԱԶԱՆՑԱԾ Է 150 ՀԱԶԱՐԸ
«Իրաք Պատի Քաունթ» կազմակերպութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրաքի պատերազմի զոհերուն թիւը 2003-2011 տարիներուն 162 հազար է, որոնց 79 առ հարիւրը Իրաքի քաղաքացիներ են:
Ըստ կազմակերպութեան հրապարակած զեկուցումին մէջ նշուած տուեալներուն, նշեալ պատերազմին ամէնէն արիւնահեղ տարիները եղած են 2006 եւ 2007 թուականները, երբ զոհերուն թիւը գերազանցած է 25 հազարը, իսկ վերջին տարուան ընթացքին 4063 զոհ արձանագրուած է:
Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժերու գործողութիւններէն վնասուած է շուրջ 14705 քաղաքացի:
Զեկուցումին մէջ նաեւ նշուած է, որ այս տուեալներուն ճշգրտութիւնը բացարձակ չէ, որովհետեւ մահուան շատ դէպքեր պատշաճ կերպով չեն արձանագրուած:
CATEGORIES Միջազգային

