ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԻՐ ԵՐԿԻՐԸ ՄԱՍՆԱՏԵԼՈՒ ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԱԿԱՆԱՑՆԵԼՈՒ ՕՏԱՐՆԵՐՈՒ ՓՈՐՁԵՐԷՆ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ
Չինաստանի նախագահ Հու Ճինթաու զգուշացուց, որ օտար թշնամական ուժեր իրենց մշակութային ազդեցութեան ճամբով կը փորձեն Չինաստանը մասնատել եւ արեւմտականացնել:
Նախագահ Ճինթաու երկրին իշխող Համայնավար կուսակցութեան անդամներուն առջեւ իր արտասանած խօսքին ընթացքին Չինաստանի պաշտօնատարներուն կոչ ուղղեց` զգուշանալու վերոնշեալ ջանքերէն եւ փորձերէն:
Չինաստանի նախագահը վստահեցուց, որ Չինաստան պայքարի դժուար եւ զգայուն կացութենէ կ՛անցնի:
CATEGORIES Միջազգային


