ՍԱՐՔՈԶԻ ԱՍԱՏԻՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ՀԵՌԱՆԱԼՈՒ
Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ պէտք է «իշխանութենէն հեռանայ» եւ «իր ժողովուրդին արտօնէ իր ճակատագիրը վճռել»` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ գործուած «սպանդները իրապէս սրտխառնուք եւ գարշանք» կը պատճառեն:
Սարքոզի յայտնեց, որ «միջազգային ընտանիքը պէտք է դաժան բռնաճնշումները դատապարտելու ճամբով իր պարտաւորութեանց տէր կանգնի»: Ան նաեւ շեշտեց արաբ դէտերու աշխատանքին համար անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծելու կարեւորութիւնը:
Ֆրանսայի նախագահը ընդգծեց, որ միջազգային ընտանիքը «պէտք է խստագոյն պատժամիջոցներու որդեգրման եւ մարդասիրական միջանցքի ապահովման ճամբով իր պատասխանատուութեան տէր կանգնի»` վստահեցնելով, որ «առանց ձգձգելու այդ ուղղութեամբ պիտի աշխատինք»:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ Սուրիոյ մէջ Արաբական լիկայի դէտերու առաքելութեան յստակացումը պահանջեց` անոր գործունէութեան նկատմամբ «կասկածներ» յայտնելով: «Ճշմարտութիւնը պէտք է ամբողջութեամբ բացայայտուի, այլապէս վարչակարգը ի վերջոյ պիտի յաջողի գետնի վրայ գտնուող դէտերը ապակողմնորոշել», ընդգծեց Ժիւփէ:
Ժիւփէ նաեւ ցաւ յայտնեց, որ Ռուսիա կը շարունակէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը դատապարտող որոշումի մը որդեգրումը արգելակել: Ան ըսաւ, որ «Ապահովութեան խորհուրդը չի կրնար (Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութեանց նկատմամբ) լուռ մնալ»:
Ֆրանսայի դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ «այս վարչակազմը այլեւս իսկապէս ապագայ չունի եւ միջազգային ընտանիքը պէտք է կեցուածք որդեգրէ»: Մինչ այդ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ժիհատ Մաքտիսի լիբանանեան «Նաշրա» կայքէջին յայտնեց, որ սուրիական տագնապը դէպի լուծում կ՛ուղղուի: Ան նաեւ զգուշացուց, որ հարցին միջազգայնացումը կը բարդացնէ տագնապը:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ահմետ պըն Հըլլի քուէյթեան «Քոնա» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «Գահիրէի մէջ շաբաթ օր սուրիական տագնապին հարցով նախարարական յանձնախումբի արտակարգ նիստ մը որոշուած է գումարել»:
Ան ըսաւ, որ նախարարական յանձնախումբը պիտի քննարկէ Սուրիոյ մէջ արաբ դէտերու խմբակի ղեկավարի առաջին զեկուցումը:
Արաբական լիկայէն պատասխանատու աղբիւր մը իր կարգին նշեալ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ ժողովին գումարումը որոշուած է Սուտանի առաջարկով` աւելցնելով, որ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի, Քաթարի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Համատ պըն Ժասեմ Ալ Թանիի եւ յանձնախումբի մնացեալ անդամներուն միջեւ խորհրդակցութիւններէ ետք, որոշուած է ժողովը շաբաթ օր գումարել:
Միւս կողմէ, լաւատեղեակ աղբիւրներ սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնեցին, որ ռուսական «Ամիրալ Քուզնեցով» օդանաւակիրն ու անոր ընկերակցող մարտանաւերը յառաջիկայ օրերուն սուրիական ջուրեր մուտք պիտի գործեն եւ վեց օր այդտեղ պիտի մնան:
Օդանաւակիրին վրայ կը գտնուին «Սուխոյ-33» եւ «Միկ-29» տիպի արդիական պատերազմական օդանաւեր եւ «Քա-27» տիպի ուղղաթիռներ, ինչպէս նաեւ հակաօդային, հականաւային եւ հակասուզանաւային համակարգեր:
Ռուսիոյ ծովուժի նախկին ծովակալ Վիքթոր Քրաւչինքօ յայտարարեց, որ ՕԹԱՆ-ի մարտանաւերէն բացի այլ մարտանաւերու Միջին Արեւելքի ջուրերուն մէջ ներկայութիւնը օգտակար է, որովհետեւ շրջանին մէջ զինուորական բախում մը կը կանխարգիլէ:
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց, որ Թուրքիա Ալեքսանտրէթի Սուրիոյ սահմանամերձ Քալաա գիւղին մօտ տեղակայած է «Հոք» տիպի հրթիռներ, որոնք «Միջին Արեւելքը պաշտպանելու համար պաշտպանական վահանի դեր կը կատարեն»: Օրաթերթը կը նշէ, որ Թուրքիա այդ քայլին դիմած է ի պատասխան Սուրիոյ կողմէ Թուրքիոյ սահմանամերձ Գամիշլի եւ Այն Տուր շրջաններուն մէջ ռուսական արտադրութեամբ «Սքոտ» տիպի հրթիռներ տեղակայելու քայլին: