ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս շեշտեց, որ արաբ ժողովուրդը չի կրնար ներողամիտ գտնուիլ Իսրայէլի հանդէպ բացուելու քաղաքականութեան առումով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի կատարած յայտարարութիւններուն մէջ վատագոյնը լիբանանեան բանակին եւ լիբանանցիներուն միջեւ թշնամական զգացումներու սերմանումն է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մաարապի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ միջինարեւելեան իրադարձութիւնները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխանական պլոքը երէկ յետմիջօրէին գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին նշեց, որ աշխատավարձի յաւելման առումով անհրաժեշտ է կառչած մնալ տնտեսական խորհուրդներուն եւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան միջեւ գոյացած համաձայնութեան:

ԽԸՆՇԱՐԱՅԻ Մար Անթոնիոս եկեղեցին գողնալու փորձերը ձախող դուրս եկած են:

Զահլէի բանտին մէջ արգելափակեալ մը անձնասպանութիւն գործած է:

ԸՍՏ «Լիուա» օրաթերթին, համաձայնութիւն գոյացած է դատախազ Անթուան Տահերը նշանակելու Դատական իշխանութեանց գերագոյն խորհուրդի նախագահ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութիւնը այսօրուան իր նիստին ընթացքին պիտի քննարկէ Քայիտայի թղթածրարը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան այսօր կէսօրէ առաջ խորհրդարանին մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պիտի անդրադառնայ հիւսիսային Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջանին մէջ տիրող կացութեան:

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ շեշտեց, որ 2012-ին լիբանանեան դրամանիշն ու դրամատնային տոկոսներու համեմատութիւնը պիտի մնան կայուն:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, նախատեսեց, որ կառավարութիւնը իր վաղուան նիստին ընթացքին քարիւղի պեղման օրէնքը շուտով վաւերացնէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը` գլխաւորութեամբ Հըզպալլայի, քանդեցին Լիբանանը եւ բռնագրաւեցին երկրին հրապարակները:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ լիբանանցի երեսփոխաններուն իրաւունքն է իմանալ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի մօտ գտնուող այն տեղեկութիւնները, որոնք կը վերաբերին Քայիտայի ցանցին:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն Քայիտայի մասին իր տեղեկութիւնները պէտք էր բացայայտէր կառավարութեան նիստին ընթացքին եւ ոչ թէ լրատուամիջոցներուն մէջ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան պլոքի անդամ երեսփոխան Ուալիտ Սըքքարիէ ընդգծեց, որ Արսալի մէջ մարդիկ զոհուած են Լիբանանեան ուժեր եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեանց փամփուշտներով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ատնան Արաքժի յայտնեց, որ Սուրիա դիւրացուցած է արաբ դէտերուն առաքելութիւնը` աւելցնելով, որ Սուրիոյ դէմ նիւթուած արեւմտեան դաւադրութիւնը իր վերջին շունչը փչելու վրայ է:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Վերա Եամմին յայտնեց, որ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի դէմ սանձազերծուած ցեխարձակումի արշաւը թիրախ կը դարձնէ լիբանանեան բանակը:

Share this Article
CATEGORIES