ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԴՐՈՒԱՏԵՑ ՆԵՐՔԻՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ՋԱՆՔԵՐԸ

Ռայի պատրիարքը` ներքին ապահովութեան ուժերու հրամանատարութեան պատուիրակութեան հետ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը դրուատեց երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու առումով ներքին ապահովութեան ուժերուն թափած ջանքերը:

Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ֆարես Պուէյզ, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ շրջանային իրադարձութիւնները բաւական լարուած են եւ ամբողջ շրջանին վտանգ կը սպառնան: Ան աւելցուց, որ Լիբանան կը գտնուի երկրաշարժի գօտիին վրայ, սակայն ան մնայուն կերպով կը շրջանցէ վտանգները:

Ռայի պատրիարքը երէկ երեկոյեան ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլը, որ յայտնեց, թէ Պքերքէ իր այցելութեան նպատակն է Ռայի պատրիարքը տեղեակ պահել շինծու այն խոչընդոտներուն մասին, որոնց նպատակն է արգելակել բոլոր լիբանանցիներուն լաւապէս ծառայելու իրենց ծրագիրները:

«Մեզի համար կարեւոր է, որ Ռայի պատրիարքը ամէն բանէ տեղեակ ըլլայ, որովհետեւ փոխադարձ գործակցութեամբ է, որ կարելի կ՛ըլլայ լուծել երկրին դիմագրաւած հարցերը», ըսաւ Պասիլ:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը այսօր առաւօտեան կը նախագահէ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ամսական հերթական նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին Լիբանանը եւ մարոնի եկեղեցին  յուզող հարցեր:

 

Share this Article
CATEGORIES