ՊԵՏԱԿԱՆ ՇՈՒՐԱՆ ՄԵՐԺԵՑ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՃՇԴԱԾ ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԻ ՅԱՒԵԼՈՒՄԸ
Անդրադառնալով կառավարութեան վաւերացուցած աշխատավարձի յաւելումներու երրորդ տարբերակին` Պետական շուրան երէկ երրորդ անգամ ըլլալով մերժեց այդ յաւելումը` նշելով, որ 236 հազար լ. ոսկիի համազօր փոխադրածախսի գումարը ամսական աշխատավարձին կցուած պարտադիր գումար նկատելու որոշումը պէտք է վերատեսութեան ենթարկել:
Նշենք, որ աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհաս երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Պետական շուրայի նախագահ, դատախազ Շուքրի Սատերի հետ:
Հանդիպումէն ետք Նահհաս յայտնեց, որ Պետական շուրան որեւէ ատեն կրնայ իր վերջնական որոշումը տալ աշխատավարձերու յաւելման թղթածրարին մասին` աւելցնելով, որ իր եւ Պետական շուրային միջեւ յարաբերութիւնները սովորական են:
CATEGORIES Լիբանանեան