ՄԻՔԱԹԻ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՊԵՏԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուրը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Մանսուրին ընկերակցեցաւ նաեւ Պէյրութի մէջ տեղի ունեցող տարանջատուող ռումբերու հարցին նուիրուած խորհրդաժողովին մասնակցող տարբեր երկիրներու ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւնը:
Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ Քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդի նախագահ Խալետ Քապպանին, որուն հետ քննարկեց պետական նշանակումներուն թղթածրարը:
Հանդիպումին ընթացքին Քապպանի շեշտեց, որ կառավարութեան վաւերացուցած ծրագիրին հիման վրայ է, որ կարելի է կատարել այդ նշանակումները: Ան դիտել տուաւ, որ այդ ծրագիրը յարգուած է բոլոր կողմերէն եւ ատակ է` ամբողջացնելու համար պետական բոլոր նշանակումները:
Ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր նոյնպէս այցելեց վարչապետ Միքաթիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր նախատեսեց, որ կառավարութիւնը իր այսօրուան նիստին ընթացքին վաւերացնէ քարիւղի պեղման օրինագիծը, սակայն դիտել տուաւ, որ կառավարութեան դիմագրաւած հիմնական հարցը պետական նշանակումներու հարցն է:
Ապու Ֆաուր նկատել տուաւ նաեւ, որ հիմնական հարցը Դատական իշխանութեանց գերագոյն խորհուրդի նախագահի նշանակումն է:
Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի այսօր երեկոյեան պիտի նախագահէ կառավարութեան գումարելիք ընթացիկ նիստին:


