ԳԱԼՈՒՍՏ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԿԸ ԲԱՑԱՌԷ ՀԱՄԱՄԱՍՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐԱԿԱՐԳԻՆ ԱՆՑՆԻԼԸ

Գալուստ Սահակեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեան «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին` անդրադառնալով 100 առ հարիւր համամասնական ընտրակարգին անցում կատարելու ՀՅԴ-ի եւ Ժառանգութեան միացեալ յայտարարութեան, նշեց, որ ամբողջութեամբ համամասնական ընտրակարգին անցնելու վերաբերեալ Հանրապետական կուսակցութիւնը իր դիրքորոշումը արդէն յայտնած է Ընտրական օրէնսգիրքի քուէարկութեան ժամանակ:

Ան միացեալ յայտարարութիւնը պայմանաւորեց նախընտրական շրջանին հետ, երբ խորհրդարանական ընդդիմութեան ներկայացուցիչները անգամ մը եւս կ՛արտայայտեն իրենց դիրքորոշումը:

Սահակեան բացառեց ՀՅԴ-ի եւ Ժառանգութեան առաջարկին իրականութեան դառնալը:

Հայ ազգային քոնկրեսը եւ Ազատ դեմոկրատները ողջունեցին այդ յայտարարութիւնը: Անդրադառնալով այն դիտարկման, որ կարելի է, որ այդ միացեալ յայտարարութիւնը այս ուժերուն միաւորման հիմքը դառնայ, Սահակեան բացառեց եւ նշեց, որ այսպիսի միաւորումները մէկ գիշերուան մէջ չեն ձեւաւորուիր:

Հանրապետական պատգամաւորը բացառեց նաեւ, որ հարցը կրնայ քննարկուիլ եւ առաջարկը իրականութիւն դառնալ: Ըստ անոր, կարելի է միայն քննարկել անգամ մը եւս ապացուցելու համար, որ անհիմն գնահատականներ կու տան այս պահուն համար:

Նշենք, որ Հայաստանի Ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութեան պատգամաւոր Նայիրա Զոհրապեան կայքերէն մէկուն տուած իր հարցազրոյցին մէջ նշեց, որ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը պատրաստ է հարցը ամենայն լրջութեամբ եւ խորութեամբ քննարկելու:

Share this Article
CATEGORIES