ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂԱԾ ԵՆ` ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ ՎԱՒԵՐԱՑՆԵԼՈՒ

Շարլ Ազնաւուր

Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին որդեգրումէն եւ Թուրքիոյ կողմէ հնչող քննադատութիւններէն ետք, աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր, շարժանկարի բեմադրիչ Ռոպեր Կետիկեան, իրաւաբան Սերժ Քլարսֆելտ, իմաստասէրներ Պեռնար-Հանրի Լեւի եւ Միշել Օնֆրեն, ինչպէս նաեւ թուրք լրագրող Էրոլ Էօզքորայ միացեալ կոչ մը ստորագրած են` նպատակ ունենալով քաղաքական գործիչները համոզել ծերակոյտին մէջ այդ օրինագիծը վաւերացնելու:

«Լը Ժուռնալ տիւ Տիմանշ»-ի մէջ հրապարակուած այդ կոչին մէջ ըսուած է.

«Ինչպէս գրած է Էլի Վիզել, ներկայիս ժխտումը կը նշանակէ զոհերը երկրորդ անգամ սպաննել: Այդ պատճառով կ՛արժէ ողջունել 22 դեկտեմբեր 2011-ին խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած քուէարկութիւնը, որ որոշում կայացուց Եւրոպայի` ցեղապաշտութեան, խտրականութեան եւ ժխտումի վերաբերեալ որդեգրուած Շրջանակային որոշումին օգտին: Հակառակ տարածուած քննարկումներուն` ատիկա յուշակոթող օրէնք չէ, պատմութիւնը արդէն գրուած է պատմաբաններուն կողմէ: Այդ փաստաթուղթը իրաւունքի մէկ մասն է: Երեսփոխանները եւրոպական այդ ցուցմունքին ընթացք տալով` երաշխիքներ ներկայացուցած են օրէնքով ճանչցուած բոլոր ցեղասպանութիւններու (Ողջակիզում, Հայոց ցեղասպանութիւն) զոհերուն` իրաւական հիմք տալով ցեղասպանութեան «ծայրայեղութիւններու հասնող» ժխտումի ձեւերէն խուսափելու համար:

«Մասնաւորաբար, թիրախը պետական ժխտումն է, որ թրքական իշխանութիւնները կը հասցնեն մինչեւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան տարածք: Իսկ երեսփոխանները մնացած են իրենց գործառոյթներու ծիրին մէջ, որպէսզի պահպանեն մարդկային արժանապատուութիւնը, որ կը մտնէ մարդկային իրաւանց համաշխահրային հռչակագիրի նախաբանի առաջին մասին մէջ, ինչպէս նաեւ անոնք կրնան ընդունիլ օրէնքներ` հասարակական կարգի խախտման որեւէ վտանգէ խուսափելու համար:

«Որպէսզի բնագիրը օրէնքի ուժ ստանայ, մենք հանրապետութեան նախագահին, կառավարութեան եւ գլխաւոր կուսակցութեանց կոչ կ՛ուղղենք` հաստատելու իրենց ժեստը, ծերակոյտին կողմէ օրէնքի վաւերացումը արտօնելով»:

 

Share this Article
CATEGORIES