ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՒ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՄԱՐՏՈՒՆԻԻ ՇՐՋԱՆԻ ԶՕՐԱՄԱՍԵՐ
Աշխատանքային այցելութեամբ Լեռնային Ղարաբաղ գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ այցելեց Մարտունիի շրջանի զօրամասեր եւ ծանօթացաւ զինուորներու առօրեային:
Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը հաղորդէ, որ նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Բակօ Սահակեան մասնակցեցան նաեւ Մարտունիի կեդրոնին մէջ «Սայեաթ-Նովա» մարզահամալիրի բացման արարողութեան:
Ասկերանի շրջանի Աւետարանոց գիւղին մէջ Հայաստանի եւ Արցախի նախագահները այցելեցին փայտավերամշակման գործարան:
Սարգսեան եւ Սահակեան այցելեցին նաեւ Շուշի-Կարմիր Շուկայ բնակավայրերու քառուղիին վրայ գտնուող` կարծր վառելիքով գործող ջեռուցման կաթսաներու պատրաստման արտադրամաս եւ ծանօթացան արտադրական հոլովոյթին:
Հայաստանի եւ Արցախի նախագահներուն կ՛ուղեկցէին Արցախի վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:

