ԸՍՏ «ՄԻԼԼԻՅԷԹ»Ի ՖՐԱՆՍԱՅԷՆ ՀԵՌԱՑԱԾ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԿՐՆԱՅ ՄԻՆՉԵՒ 10 ՅՈՒՆՈՒԱՐ ՓԱՐԻԶ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թրքական իշխանութիւնները որոշած են Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Թահսին Պուրճուօղլուն մինչեւ 10 յունուար վերստին Փարիզ ուղարկել, եթէ վերջնական որոշում տրուի: Դեսպանը եւս հաստատած է այս լուրը` շեշտելով, որ որոշ հանդիպումներու համար ինք կրնայ Փարիզ վերադառնալ:
Օրաթերթը կը նշէ, որ Ֆրանսայի ծերակոյտը 10 յունուարէն մինչեւ 22 փետրուար բաց պիտի ըլլայ, եւ դեսպանը աշխատանքներ պիտի տանի Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ որդեգրուած Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը ծերակոյտի օրակարգին վրայ ներառուիլը արգելակելու ուղղութեամբ:
Նշենք, որ Ֆրանսայի խորհրդարանը 22 դեկտեմբեր 2011-ի նիստին ընթացքին որդեգրեց Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը:
Նշեալ օրինագիծի որդեգրումէն ետք Թուրքիա Փարիզէն տուն կանչեց իր դեսպանը եւ Ֆրանսայի դէմ ութ կէտերէ բաղկացած պատժամիջոցներ կիրարկելու մասին յայտարարեց:

