ՎԱՐԱՆԴ ՊԶՏԻԿԵԱՆ ՇԱՏ ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ՏԵՍՆՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Armsport.am Հայկական լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդներու հաւաքականի նախկին յետսապահ Վարանդ Պզտիկեան շատ հաւանաբար տեսնուի Հայաստանի մէջ` մաս կազմելով ախոյեանութեան մասնակցող խումբերէն մէկուն:
Այժմ ազատ ֆութպոլիստի վիճակին մէջ գտնուող Պզտիկեան ըսաւ, որ մեծապէս կը փափաքի ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել Հայաստանի մէջ:
Ներկայիս բարձրագոյն խումբին մաս կազմող երկու ակումբներ փափաք յայտնած են իրենց կատարելիք ուսումնամարզական հաւաքներուն ժամանակ փորձել Պզտիկեանը:
Անցեալին, Պզտիկեան մաս կազմած է Մարսէյի փոխարինողներու խումբին, ինչպէս նաեւ աւելի վար դասակարգին մաս կազմող խումբերուն:
CATEGORIES Մարզական