2011-Ի ՏԱՔԱՐԻ ՌԵԼԻ. 2-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ՆԱՍԵՐ ԱԹԻԷ 38-ՐԴ ԴԻՐՔԷՆ ԲԱՐՁՐԱՑԱՒ 6-ՐԴ ԴԻՐՔ
Քաթարցի փորձառու վարորդ Նասեր Աթիէ, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ 2011-ի Տաքարի ռելի-ին, 2-րդ հանգրուանի մրցումին բաւական տպաւորիչ արդիւնք արձանագրելով ընդհանուր դասաւորման մէջ 38-րդ դիրքէն բարձրացաւ 6-րդ դիրք:
Աթիէ, որ կը վարէ «Հեմըր Էյչ-3» ինքնաշարժը եւ նախորդ տարուան տիտղոսակիրն է, իրեն օգնական ունի Լուքաս Քրուզը:
Նշենք, որ «Սփիտ» խումբի անոր խմբակից ամերիկացի Ռոպի Կորտըն այս հանգրուանին 3-րդ լաւագոյն արդիւնքը արձանագրելով ժամանակաւորապէս գրաւեց դասաւորման 2-րդ դիրքը:
Այսօր տեղի պիտի ունենայ 3-րդ հանգրուանի մրցումը` Սան Ռաֆայէլէն Սան Խուան (499 քմ):
CATEGORIES Մարզական