ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.- ՕՔԼԱՀՈՄԱ ՍԻԹԻԻ ԵՒ ՄԱՅԵՄԻ ՀԻԹԻ ԱՌԱՋԻՆ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան տասը ճակատումներ:
Օքլահոմա Սիթի եւ Մայեմի Հիթ, որոնք արձանագրած էին յաջորդական հինգ յաղթանակ, կրեցին տարեշրջանի իրենց առաջին պարտութիւնը, առաջինը` Տալաս Մավըրիքսէն (100-87), իսկ երկրորդը` Աթլանթա Հոքսէն (100-92):
Տիտղոսակիր Մավըրիքսի մարզիկներէն Տըրք Նովիթցքի նշանակեց 26 կէտ, մինչ Քեւին Տիւրընթ (Օքլահոմա)` 27 կէտ:
Սան Անթոնիօ Սփըրզ կրեց տարեշրջանի իր երկրորդ պարտութիւնը Մինեսոթա Վուլվզէն` 106-96 արդիւնքով:
Ցարդ առանց յաղթանակի, Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ կրեց իր հինգերորդ յաջորդական պարտութիւնը Պոսթըն Սելթիքսէն` 100-92 արդիւնքով: Նշենք, որ անիկա միակ խումբն ըլլալով ցարդ յաղթանակ չէ արձանագրած:
Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Ֆէօնիքս Սանզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 102-91
Պոսթըն Սելթիքս – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 100-92
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Օրլանտօ Մեճիք 89-78
Մայեմի Հիթ – Աթլանթա Հոքս 92-100
Նիւ Ճըրզի Նեթց – Ինտիանա Փէյսըրզ 94-108
Նիւ Եորք Նիքս – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 85-90
Մինեսոթա Վուլվզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 106-96
Տալաս Մավըրիքս – Օքլահոմա Սիթի 100-87
Տենվըր Նակեթց – Միլուոքի Պաքս 91-86
Եութա Ճեզ – Նիւ Օրլինզ 94-90
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Շարլոթ Հոռնեթց
Շիքակօ Պուլզ – Աթլանթա Հոքս
Օքլահոմա Սիթի – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Սաքրամենթօ Քինկզ
Եութա Ճեզ – Միլուոքի Պաքս
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Հիուսթըն Ռոքեթց
Նշենք, որ դասաւորումը այժմ կը ներկայացնէ հետեւեալ պատկերը.
ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆ
(ԱՏԼԱՆՏԵԱՆ ԳՕՏԻ) ՅԱՂԹ. ՊԱՐՏ.
Պոսթըն Սելթիքս 3 3
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ 2 2
Թորոնթօ Ռեփթըրզ 2 3
Նիւ Եորք Նիքս 2 3
Նիւ Ճըրզի Նեթց 1 5
(ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԳՕՏԻ)
Շիքակօ Պուլզ 4 1
Ինտիանա Փէյսըրզ 4 1
Միլուոքի Պաքս 2 2
Քլիվլենտ Քաւալիրզ 2 2
Տիթրոյիթ Փիսթընզ 2 3
(ՀԱՐԱՒԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԳՕՏԻ)
Մայեմի Հիթ 5 1
Աթլանթա Հոքս 4 1
Օրլանտօ Մեճիք 4 2
Շարլոթ Հոռնեթց 1 3
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 0 5
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՇՐՋԱՆ (ՀԻՒՍԻՍԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԳՕՏԻ)
Օքլահոմա Սիթի 5 1
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 3 1
Տենվըր Նակեթց 4 2
Մինեսոթա Վուլզ 2 3
Եութա Ճեզ 2 3
(ԽԱՂԱՂԱԿԱՆ ԳՕՏԻ)
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 2 2
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 3 3
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 2 3
Սաքրամենթօ Քինկզ 2 3
Ֆէօնիքս Սանզ 2 3
(ՀԱՐԱՒԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԳՕՏԻ)
Սան Անթոնիօ Սփըրզ 3 2
Հիուսթըն Ռոքեթց 2 2
Նիւ Օրլինզ 2 3
Տալաս Մավըրիքս 2 4
Մեմֆիս Կրիզլիզ 1 3

