«ՎԻՎԱՍԵԼ-ԷՄ. Թի. ԷՍ.»-Ը ԿԸ ՎԵՐՍՏԱՆՁՆԷ «ԱԶԴԱԿ»-ի ԿԱՅՔԷՋԻՆ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ առաւօտ «Ազդակ»-ի հիւրն էր «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան: Տնօրէնութեան հետ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Եիրիկեան բարձր գնահատեց «Ազդակ»-ի լրատուական եւ վերլուծական աշխատանքները` ընդգծելով, որ «Ազդակ» յաջողած է արագ արձագանգել ինչպէս սփիւռքեան, այնպէս ալ հայրենական իրադարձութիւններուն` ստանձնելով հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ տեղեկատուական կամուրջի դերակատարութիւն:

Ապա խօսակցութիւնները կեդրոնացան «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի կատարած հետեւողական աշխատանքներուն վրայ` հայրենիքի մէջ քաղաքացիական առողջ հասարակարգի ձեւաւորման ուղղութեամբ:

Ռալֆ Եիրիկեան հաստատեց, որ «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը 2012 տարուան համար կը վերստանձնէ «Ազդակ»-ի կայքէջին գլխաւոր հովանաւորութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES