50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (5 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

ՀԱՅԿՈՒՀԻ ԽՏԸՇԵԱՆ
ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԲԵՄԻ ՎՐԱՅ

Դերասանուհի Հայկուհի Խտըշեան-Լա Շասանեը ծանօթ է փարիզահայութեան իր բեմական փայլուն գործունէութեամբ:

Արդարեւ, երիտասարդ դերասանուհին ամէն անգամ ալ իր մասնակցութեամբ յաջողած է բարձրացնել որակը փարիզահայ բեմին վրայ տրուած ներկայացումներուն:

Հաճոյքով կը տեղեկանանք, թէ մեր տաղանդաւոր հայրենակցուհին, որ մուտք գործած է արդէն ֆրանսական թատրոն` Նաթալի Քերժան անունով, այս անգամ, վերջին անցնող ամիսներուն ֆրանսական «Պարէ» թատերական խումբին հետ, որուն գլուխը կը գտնուի «Քոմետի ֆրանսեզ»-ի դերասանական կազմի նախկին անդամներէն մեծանուն դերասան Ժան Տաւի, թատերական շրջապտոյտ մը կատարած է Ֆրանսայի բազմաթիւ քաղաքներուն մէջ` ստանձնելով Քոռնէյի «Պողիկտոս Հայկազն» (Փոլեոտքթ) ողբերգութեան կանացի գլխաւոր դերը` Փոլին:

Յառաջիկայ յունուարին Հայկուհի Խտըշեան հրաւիրուած է Զուիցերիա, ուր կարգ մը քաղաքներու մէջ պիտի մասնակցի ֆրանսացի ծանօթ թատերագիր Միշել Տիւրանի «Անկեղծօրէն» (Սենսըրըման) թատերախաղին ներկայացման` ստանձնելով խաղին հերոսուհիին դերը:

ՀԱՅ ԳՐԱԳԷՏՆԵՐ ԱՄԵՐԻԿԱ
ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԵՆ

Նիւ Եորքէն Լեւոն Քէշիշեան կը գրէ.-

Կը տեղեկանանք, որ Ամերիկա պիտի այցելեն խումբ մը հայ գրագէտներ. ասոնք կու գան Հայաստանէն` իբրեւ խորհրդային զբօսաշրջիկներ: Ասոնց մէջ կը գտնուին, ըստ մեր ստացած տեղեկութեանց, Նայիրի Զարեան, ինչպէս նաեւ տաղանդաւոր բանաստեղծուհի Մ. Մարգարեան:

«ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ,
ԿԵԱՆՔԸ ԵՒ ԳՈՐԾԸ»

Նիւ Եորքի հայ գրականութեան բարեկամներու միութիւնը տպագրութեան յանձնած է գործ մը` «Արամ Հայկազ, կեանքը եւ գործը», նուիրուած մեծանուն գրագէտին:

Միւս կողմէ, ուրախութեամբ կը տեղեկանանք, թէ Արամ Հայկազ աւարտած է պատրաստութիւնը նոր գործի մը, որ մօտերս պիտի յանձնուի տպարան:

 

Share this Article
CATEGORIES