ՔՈՒՆԸ ԵՒ ԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆԸ

Քունը կենսաբանական անհրաժեշտութիւն է, իսկ խոր եւ բաւարար քունը անհրաժեշտ է նոր օր սկսելէ առաջ` լաւ տրամադրութիւն ապահովելու համար: Ժողովրդական առածը կ՛ըսէ` «Որքան քունը խոր ըլլայ, այդքան միտքերը պարզ կ՛ըլլան»: Արտաքինէն պարզ թուացող, սակայն շատ կարեւոր պայման մըն է նոյն ժամուն քնանալը եւ նոյն ժամուն արթննալը: Անիկա կարեւոր է մարմինի կենսաբանական, ներքին բնական կշռոյթը չխանգարելու համար: Շատերը քնանալէ առաջ կամ ուշ երեկոյեան ուտելու ցանկութիւն կ՛ունենան` պատճառաբանելով, որ անօթի քնանալ չեն կրնար: Նախընտրելի է մէկ գաւաթ հիւթ խմել կամ կէս պանան ուտել: «Լեցուն» ստամոքսը չի նպաստեր հանգիստ եւ խոր քունի, ինչ որ պատճառ կը դառնայ ծանր երազներու: Հանգիստ քունին կը խանգարէ ընթրիքի ընթացքին իւղոտ ուտելիքներու եւ կազային ըմպելիքներու չարաշահումը: Անքնութեամբ տառապողները պէտք չէ օգտագործեն քաֆէին պարունակող խմիչքներ` սուրճ, մութ թէյ. քաքաօ կարելի է, այն ալ` առաւօտեան: Հանգիստ եւ խոր քուն ունենալուն կը նպաստեն պանանը, դեղձը, խնձորը, տանձը եւ սալորը: Մեղրը կը փարատէ անօթութեան զգացումը, կ՛ապահովէ խոր քուն. եթէ ընթրիքին ուտէք մէկ ճաշի դգալ մեղր, կամ աւելի արդիւնք ստանալու համար` զայն խմել մէկ գաւաթ ջուրով, որուն աւելցուած է 2 թէյի դգալ խնձորի քացախ: Խուսափիլ քնաբեր դեղահատերէն` մարմինը անոնց չվարժեցնելու համար:

ՇՆՉԱՌՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆԸ

Տակաւին հին ժամանակներէ շատ կարեւորութիւն տրուած է ճիշդ շնչառութեան, որ մարդու կենսական պահանջներէն կարեւորագոյնն է: Մարդիկ կը շնչեն սխալ, մեքենականօրէն, մակերեսային, մինչդեռ շնչառութիւնը օրկանիզմին միակ կենսական երեւոյթն է, որ կարելի է վերահսկել եւ ղեկավարել: Շնչառութեան հետ կապուած է արեան բնականոն շրջանառութիւնը, մարմնի լիարժէք սնուցումը եւ ջերմակարգաւորումը: Սխալ շնչառութեան պատճառով արիւնը բաւարար թթուածինով չհարստանալով` կը յառաջացնէ հիւսուածքներու սնուցման խանգարում: Նախընտրելի է շնչել քիթով, ամէնէն արդիւնաւէտը` որովայնի ստորին մասով եւ կարեւոր է, որ արտաշնչումը ներշնչումէն երկար ըլլայ:

ԼՌՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆԸ

Լռութիւնը կը նկատուի հոգեկան հաւասարակշռութիւնը վերականգնող միջոց: Մարդուն մարմինը, հիւանդութիւններու ժամանակ, որպէս ինքնապաշտպանողական միջոցի, ինք կ՛ընդունի այդ վիճակը: Խօսելու ցանկութեան պակաս կը յառաջանայ նոյնիսկ պարզ թուացող հարբուխի ժամանակ: Լռութեամբ կարելի է բուժել շարք մը հոգեկան անհաւասարակշռուած վիճակներ: Ծանր հիւանդութիւններու պարագային, կը թելադրուի հիւանդներուն օրական 4-5 ժամ լռել, չխօսիլ. պատահականօրէն չեն արգիլուած այցելութիւնները ծանր հիւանդներուն: Լռութիւնը օգտակար է նաեւ առողջ մարդոց, որոնք յոգնած են, մտահոգ եւ լարուած:

ՖԻԶԻՔԱԿԱՆ ՄԱՐԶՈՒՄԸ ԵՒ ԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆԸ

Կալինա Շաթալովան իր «Բնական ապաքինում» գիրքին մէջ կը գրէ. «Կ՛ուզե՞ս ապրիլ` շարժէ, եթէ վազել չես կրնար, քալէ՛, եթէ քալել ալ չես կրնար, սողա՛, միայն շարժէ՛, որպէսզի օրկանիզմդ լիարժէք աշխատելու եւ ապրելու խթան ստանայ»:

Ֆիզիքական աշխուժութիւնը կը բարձրացնէ օրկանիզմին դիմադրողականութիւնը հիւանդութիւններու նկատմամբ, կը բարելաւուի նիւթափոխանակութիւնը, արեան կազմը, բարերար ազդեցութիւն ունի ջղային համակարգին վրայ, կ՛ամրապնդէ զայն:

Ֆիզիքական աշխուժութիւնը կը նպաստէ մարմնի ներդաշնակ աճին, կը պահպանէ առողջութիւնը եւ մարմնին բարեձեւութիւնը: Հետեւաբար քալելը ունի թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ՛ հոգեկան օգտակարութիւն: Մասնագէտները կը թելադրեն օրական քալել: Որեւէ սննդականոն ծանրութիւնը կը նուազեցնէ, սակայն օրական 45 վայրկեան քալելը կը պահպանէ ստացուած նոր ծանրութիւնը: Քալելը անվնաս մարզանք մըն է, անոր կրնան հետեւիլ փոքրերն ու մեծերը, հիւանդներն ու առողջ անձերը: Քալելը կը բարելաւէ տրամադրութիւնը, կը հանդարտեցնէ ջղային համակարգը:

Մարմնի շարժունակութեան կատարեալ ձեւերը վազքը եւ լողալն են, քանի որ այս պարագաներուն շարժման մէջ կը գտնուի ամբողջ մարմինը: Մէկ ժամ արագ լողալը կ՛այրէ 1000 ջերմուժ: Լողալը կ՛օժանդակէ ծանրութեան նուազեցման` մարմինը դարձնելով բարեձեւ եւ համաչափ, կ՛աշխուժացնէ արեան շրջանառութիւնը, կ՛օգնէ ձերբազատելու վիզի եւ ողնայարի ցաւերէն. լողալը, յատկապէս մանուկներուն, ինքնավստահութիւն կը ներշնչէ:

Ֆիզիքական մարզումը, անկախ անոր ձեւէն, պէտք է կատարել հաճոյքով, առանց ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու ժամանակին եւ անցած տարածութեան վրայ: Անհրաժեշտ է կենալ, երբ մարմինդ կը յուշէ քեզի, թէ յոգնած ես:

 

ՀԵՐԱԹԱՓՈՒԹԻՒՆ

Հերաթափութեան պատճառները այլազան են:

– Մազերու աճի եւ մաշկի ճարպաթողութեան վրայ նախ եւ առաջ կ՛ազդէ ջղային համակարգի վիճակը` մտային լարուածութիւնը, անքնութիւնը, գերյոգնածութիւնը, հոգեկան ընկճուածութիւնը եւ այլն…

– Վահանագեղձի անբաւարար աշխատանքը:

– Հորմոնային խանգարումները:

– Ճարպագեղձերու աշխատանքի խանգարումները:

– Անհաւասարակշռուած սննդառութիւնը: Այսպէս, փրոթէինով աղքատ սննդականոնները, բայց նաեւ խիստ սննդականոնի հետեւողները պէտք է զգուշանան:

– Երկաթի, Ա. եւ Պէ. կենսանիւթերու պակասը:

– Սեշուարը, մազի ներկերը, մազի լաքերը եւ այլն…

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԱՅՔԱՐԻԼ ՀԵՐԱԹԱՓՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ

– Մազերու ամրացման համար օգտակար է  հետեւեալ խառնուրդը: Բաժակի մը մէջ լեցնել 5 ապուրի դգալ մաքուր ձէթ, քիչ մը տաքցնել եւ աւելցնել կէս կիտրոնի հիւթ: Ամիսը 3 – 4 անգամ այս խառնուրդով մարձել գլխուն մորթը, ապա անձեռոցով մը փաթթել գլուխը եւ առնուազն 5 ժամ սպասել, ապա գլուխը լուալ սովորական ձեւով:

– Բարակ եւ թեթեւ մազ ունեցողները ամրան եղանակին կրնան օգտագործել հետեւեալ խառնուրդը: Խառնել թարմ կաղամբի, շոմինի եւ կիտրոնի հիւթերը հաւասար քանակութեամբ: Շաբաթը անգամ մը մազերը մարձել այս լուծոյթով:

– Ճարպոտ մազերուն համար թելադրելի է վարունգի եւ կաղամբի հիւթը: Մազերը աւելի արագ ու փարթամ կ՛աճին, եթէ լուալէ 1 – 2 ժամ առաջ քսենք ստեպղինի եւ կիտրոնի հիւթ` հաւասար քանակութեամբ:

– Որպէսզի մազերը չթափին եւ չթեփոտին, թելադրելի է օրական 2 բաժակ մածուն ուտել:

 

ԴԵՂԱԲՈՅՍԵՐ

ՄՈԼՈՇԸ

Հիներուն շատ ծանօթ բոյս մըն էր մոլոշը, արաբերէնով` խըպպէյզին: Կը մշակեն զայն որպէս սնունդ եւ որպէս դեղ գործածելու համար: Պիւթակորաս այս բոյսին մասին կ՛ըսէր, թէ «փորը եւ միտքը ազատ ու հանդարտ կը պահէ»:

Մոլոշին կը հանդիպինք մարգագետիններու մէջ, եւ ճամբաներու եզերքը. բայց կարգ մը շրջաններու մէջ կը մշակուի մասնաւորապէս իր բուժիչ յատկութիւններուն համար: Անիկա կ՛օգտագործուի արտաքին եւ ներքին շատ մը հիւանդութիւններ դարմանելու համար:

Մոլոշը աղուամազոտ, 60-70 սմ երկարութեամբ բոյս մըն է, որ կը ծաղկի մայիսէն մինչեւ սեպտեմբեր ամիսները: Կ՛օգտագործուին անոր ծաղիկները, տերեւները, երբեմն ալ` ամբողջ բոյսը:

Հանդարտեցնող եւ լանջօգուտ յատկութիւններէն բացի, մոլոշը մեղմացուցիչ, հակաբորբոքային, միզեցուցիչ եւ թեթեւօրէն կակղիչ բոյս է:

Կը պատմուի, թէ ջարդերէն վերապրած, ուռած փորերով հայ գաղթականները շնորհիւ մոլոշին վերագտած են իրենց նախկին վիճակը:

Զանազան ուռեր եւս կարելի է դարմանել մոլոշի տերեւները թրջոցի ձեւով ուռին վրայ դնելով:

ԴԵՂԱԳԻՐՆԵՐ

ա.- Հազի, հարբուխի, շնչառական կամ մարսողական ուղիներու բորբոքման դէմ թէյի պէս թրջոց դնել 25 կրամ ծաղիկ կամ տերեւ եւ կամ 30 կրամ արմատ, տասը վայրկեան մէկ լիթր եռացող ջուրի մէջ, քամոցէ անցընել եւ ստացուած հեղուկէն օրը 4-5 գաւաթ խմել:

բ.- Կոկորդի ցաւի դէմ մէկ լիթր եռացող ջուրի մէջ խաշոց դնել մօտաւորապէս 40 կրամ տերեւ, արմատ, կամ ամբողջ բոյսը: Այս պատրաստութեամբ կոկորդը սոսորգել (կարկարիզէ) օրուան ընթացքին բազմաթիւ անգամներ:

Այս պատրաստութիւնը կը գործածուի նաեւ աչքերու կամ կոպերու բորբոքման դէմ, աչքի լոգանքի ձեւով:

գ.- Չոր եւ զգայուն մորթերը մեծապէս կրնան օգտուիլ հետեւեալ լոգաջուրէն:

Մէկ լիթր տաք ջուրի մէջ տասը վայրկեան թրջոց դնել ափ մը մոլոշի տերեւ, պաղելէն ետք երեսին վրայ դնել առտուան կամ գիշերուան սերէն վերջ:

 

ՃԱՇԻ ՍԵՂԱՆԻ ՀԵՏ ԿԱՊՈՒԱԾ
ՆԱԽԱՊԱՇԱՐՈՒՄՆԵՐ

– Եթէ տապակը գետին իյնայ` հիւր պիտի գայ:
– Եթէ սեղանին շուրջ հացի փշրանք կայ, հեռաւոր բարեկամ մը պիտի գայ:
– Եթէ ճաշի հիւրը ուշանայ, սեղանին ծածկոցը շարժեցէք, եւ ան շուտով կը յայտնուի:
– Դանակով մի՛ խաղաք, վէճ կը ծագի:
– Եթէ դանակը սեղանէն իյնայ, տղամարդ հիւր պիտի գայ, իսկ երբ պատառաքաղը իյնայ` կին:
– Եթէ մէկ պնակի մէջ երկու թէյի դգալ ըլլայ, մօտ օրէն հարսանիքի հրաւէր պիտի ստանաք:
– Եթէ պնակ կոտրի, որքան մասերը շատ ըլլան, այնքան մեծ բախտի պիտի արժանանաք:
– Կոտրուած կամ ճեղքուած պնակէն ճաշ մի՛ ուտէք, այլապէս ձեր կեանքը կը փշրուի:
– Երբ սեղանին շուրջ աղամանը իրարու փոխանցէք ժպտացէք, որպէսզի աւելի ուշ չվիճիք:
– Թէյի գաւաթին մէջ պղպջակները դրամ ստանալու աւետիս են:
– Եթէ սեղանի վրայէն խնձորը գետին իյնայ, ձեր սիրելին կը ժամանէ:

 

ԽՈՀԱԳԻՐ

ԿԱՐԻԴՈՍՈՎ ՖԱՐՖԱՐԵԼ

Բաղադրութիւն

– 240 կրամ ֆարֆարել դդմաճ
– 300 կրամ կարիդոս (եփած)
– 12 մանր լոլիկ
– 1 պճեղ սխտոր
– Կիտրոնի կեղեւի տաշուք
– Ռեհանի 6 տերեւ (մանրուած)
– 2 պտղունց կարմիր, փոշի պղպեղ
– 2 ապուրի դգալ ձէթ
– Աղ

Պատրաստութիւն

Տապակին մէջ ապուրի դգալ մը ձէթ տաքցնել, աւելցնել կիսուած լոլիկները, սխտորն ու կիտրոնի կեղեւի տաշուքը: Աւելցնել եփած եւ մաքրուած կարիդոսները, մանրուած ռեհանը եւ կարմիր, փոշի պղպեղը, կրակին վրայ եփել շուրջ 6 վայրկեան:

Խաշել դդմաճը, քամոցէ անցընել եւ փոխադրել տաք ամանի մը մէջ, աւելցնել լոլիկով եւ կարիդոսով պատրաստութիւնը, զարդարել ազատքեղի եւ ռեհանի տերեւներով, աւելցնել 1 ապուրի դգալ ձէթ:

Այս խոհագիրը իրականացնելու համար 18 վայրկեան պատրաստութեան եւ 10 վայրկեան եփի պէտք ունիք: Զայն կրնաք ուտել մտքի եւ խղճի ամենայն հանգստութեամբ, քանի որ ընդամէնը 325 ջերմուժ կը պարունակէ:

 

ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ

ԵՐԳՍ

Ուզում եմ լինի իմ երգս խոնարհ,
ինչպէս կտոր հաց սեղանի վերայ
աշխատաւորի,
ինչպէս համեստ հարս` ծաղկած նռենի`
որ գարնան տենդով վառում է աշխարհ
ու լուռ տառապում տարփատենչ սէրով,
գաղտնի վշտերով:

Ճառագայթի խաղ` արցունքի բոցում,
լուսնոյ արծաթում
ստուերների խորքին կամ ձայն հառաչող,
սազի ելեւէջ
մեղեդիի մէջ –
ուզում եմ լինի իմ երգս թեւող:

Ինչպէս լերան գիծ պարզ եւ հոյակապ,
ինչպէս աշնան ծառ մունջ եւ ոսկեթափ,
տխուր պանդուխտի ծանր ոտնաքայլ,
կոտրած հայլիի թառամած մի փայլ,
եւ ցորենների
լռիկ տատանում – ուզում եմ լինի:

Եւ թող պարզ սրտեր, այրուած խորհուրդի,
նոր հմայքներով,
կանթեղ լոյսերով
կամ վիրաւորուած սիրոյ սուր սուրէն
իմ երգս երգեն:

Այն հոգիները` որ իմանում են
որոճող եզի թաւիշ աչքերում
իմաստը խաղաղ եւ հասկանում են
հսկայ գաղտնիքը կանչող աստղերի –
պիտի հասկանան բամբռահար թեւիս
զարկը յանդգնող եւ իմ հոգիիս
որոնող թռիչքը սրտում խաւարի:

Ուզում եմ լինի իմ երգս խոնարհ
ինչպէս կտոր հաց սեղանի վերայ
աշխատաւորի,
ինչպէս դարձիդարձ բոլորուող աշխարհ
յաւերժ անծայրի ոսկեայ դաշտերում
կամ կոյր անդունդում –
ուզում եմ լինի իմ երգս խոնարհ:

ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆ

«Օրերի պսակը»

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES