ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿԸ

Կազմակերպութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան երիտասարդական կեդրոնին, երէկ` չորեքշաբթի, 4 յունուարի յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ տնտեսական ու ընկերային ծանր պարագաներ դիմագրաւող ընտանիքներու զաւակներու յատուկ Կաղանդի տօնակատարութիւն:

Շուրջ 40 պատանիներ հիւրընկալուեցան երիտասարդական կեդրոնի անդամներուն կողմէ, կերան, խմեցին եւ ուրախ ու տօնական մթնոլորտի մէջ շուրջ երկու ժամ անցուցին: Ապա ժամանեց Կաղանդ պապան, որ նուէրներ բաժնեց բոլորին` անոնց տրամադրութիւնը առաւել եւս բարձրացնելով:

Ամանորեան զուարթ ժամանց մը անցընելէ ետք պատանիները գոհունակ սրտերով մեկնեցան իրենց տուները:

Share this Article
CATEGORIES