ԼԵՒՈՆ ԵՏԱԼԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ «ԱԶԴԱԿ»

«Ազդակ» հիւրընկալեց Սուրիոյ առեւտրական գրասենեակներու դաշնակցութեան, Հալէպի առեւտուրի գրասենեակի անդամ եւ Սուրիական – հայաստանեան գործարար խորհուրդի համանախագահ Լեւոն Ետալեանը: Տնօրէնութեան հետ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին խորհրդակցութիւններու նիւթերն էին շրջանային վերջին զարգացումներն ու անոնց տնտեսական հետեւանքները:

Լեւոն Ետալեան բարձր գնահատեց «Ազդակ»-ի տարած աշխատանքները եւ առ ի քաջալերանք «Ազդակ»-ի ֆոնտին նուիրեց հինգ հազար ամերիկեան տոլար:

«Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Լեւոն Ետալեանին` հայ մամուլին նկատմամբ իր ցուցաբերած նիւթաբարոյական աջակցութեան համար:

Share this Article
CATEGORIES