«ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՄՏԱՀՈԳ Է ԼԻՊԻՈՅ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑՈՂ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐԷՆ» Կ՛ԸՍԷ ՎԻՔԹՈՐԻԱ ՆՈՒԼԸՆՏ
Միացեալ Նահանգներ իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին լիպիացի ըմբոստներու տարբեր խմբաւորումներուն միջեւ վերջերս արձանագրուած բախումներուն առնչութեամբ եւ դարձեալ պատրաստակամութիւն յայտնեցին այդ խմբաւորումները զինեալ ուժերու մէջ միաւորելու համար Լիպիոյ օժանդակելու:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ լրագրողներուն յայտնեց, որ «կարգ մը բախումներ շարունակուեցան: Անոնք մեր մօտ մտահոգութիւն կը յառաջացնեն»: Ան վստահեցուց, որ ամերիկեան վարչակազմը կը զօրակցի կեդրոնական ուժ մը յառաջացնելու Թրիփոլիի կեդրոնական իշխանութեանց ջանքերուն:
Նուլընտ աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներ ներկայիս Լիպիոյ մէջ որեւէ զինուորական խորհրդատու չունին:
Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդի ղեկավար Մուսթաֆա Ապտուլ ժալիլ մէկ օր առաջ Լիպիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմէ մը զգուշացուցած էր: Ան նշած էր, որ կառավարութիւնը անկարող է իր պարտականութիւնը կատարելու` յայտնելով, որ «կառավարութիւնը պալատին շուրջ կը շրջի, սակայն չի կրնար հոն մտնել»:
Երեքշաբթի օր մայրաքաղաք Թրիփոլիի մէջ տեղւոյն ըմբոստներուն եւ Միսրաթա քաղաքէն ըմբոստներու միջեւ տեղի ունեցած էին բախումներ, որոնք վեց զոհ եւ 14 վիրաւոր պատճառած էին: Կարգ մը ցեղապետներու միջամտութեան շնորհիւ երեքշաբթի երեկոյեան բախումներու թատերաբեմ դարձած շրջանին մէջ զգուշաւոր հանդարտութիւն մը տիրած էր:
Բախումը սկիզբ առած էր, երբ զինեալներ Զաուիա շրջանին մէջ հիւանդանոց մը ներխուժելով փորձած էին բժիշկ մը ձերբակալել: Նախապէս հաղորդուած էր, որ բախումները սկիզբ առած էին, երբ Թրիփոլիի ըմբոստներէն խումբ մը Թրիփոլիի մէջ գաղտնի սպասարկութեան շէնք ուղղուած էր եւ Միսրաթայի ըմբոստներէն պահանջած հեռանալ շէնքէն:
Նշենք, որ Քազզաֆիի վարչակարգին տապալումէն ի վեր լիպիական քաղաքներուն մէջ մերթ ընդ մերթ զինեալ տարբեր խմբաւորումներու միջեւ բախումներ տեղի կ՛ունենան:


