ՌՈՄՆԻ ՅԱՂԹԱԿԱՆ` ԱՅՈԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ

Միթ Ռոմնի

Մասաչուսեց նահանգի նախկին կառավարիչ Միթ Ռոմնի Այոայի մէջ Հանրապետական կուսակցութեան նախագահական թեկնածուի ընտրութեան յաղթանակ արձանագրեց` ընդամէնը ութ քուէներով գերազանցելով նախկին ծերակուտական Ռիք Սանթորումը:

Ռոմնի Հանրապետական կուսակցութեան նախագահական թեկնածուի ճշդման առաջին հանգրուանի122,255 քուէներուն 25 առ հարիւրը ապահովեց:

Թեքսասէն քոնկրեսական Ռոն Փոլ գրաւեց երրորդ դիրքը` ապահովելով քուէներուն 21 առ հարիւրը: Ռոմնի կուսակցութեան գործարարական թեւի նախընտրած թեկնածուն է, մինչ Սանթորում կը թուի կուսակցութեան քրիստոնեայ պահպանողականներուն զօրակցութիւնը վայելել:

Նախագահութեան հանրապետական թեկնածուները այժմ իրարու դէմ պիտի մրցին Նիւ Հեմփշայրի մէջ, ուր Ռոմնի, ըստ հարցախոյզերուն, առաւելութիւն կը վայելէ:

Հանրապետական կուսակցութեան նախագահական թեկնածուի ճշդման ընտրութիւններուն մէջ յաղթանակ արձանագրողը 6 նոյեմբերին պիտի մրցի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES