ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը արձանագրած է 100 լ. ոսկիի յաւելում, իսկ պիւթակազի շիշին սակը` 400 լ. ոսկիի յաւելում: Միւս կողմէ, մազութի թիթեղին սակը արձանագրած է 300 լ. ոսկիի նուազում:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս նշեց, որ աշխատավարձերու յաւելման հարցով անհրաժեշտ է վերադառնալ տնտեսական խորհուրդներու եւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան միջեւ գոյացած համաձայնութեան:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ գործեց Մերժահիունի, Խիամի, Հասպայայի, ժեզզինի եւ Արեւմտեան Պեքաայի վերեւ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարութիւնը նկատել տուաւ, որ տնտեսական խորհուրդներուն եւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը լի է օրինազանցութիւններով:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքի կազմակերպական կորիզը կազմող անձնակազմին 35 առ հարիւրը պաշտօնէ արձակուած է: Նոյն աղբիւրին համաձայն, կը նախատեսուի, որ «Մուսթաքպալ» օրաթերթին եւ պատկերասփիւռի կայանին անձնակազմէն նոյն համեմատութեամբ պաշտօնեաներ գործէ արձակուին:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, որուն փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները` Նոր տարուան առիթով: Քննարկուեցան նաեւ երկրին ապահովական իրադարձութիւններուն վերաբերող հարցեր:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ յայտնեց, որ արդիւնաբերութեան մարզի երկու կողմերուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը հիմնուած է ապօրինութեան վրայ եւ կարելի չէ զայն վաւերացնել կառավարութեան կողմէ: Նշենք, որ Ապպուտ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Թուֆիքի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան նախագահ Ապտել Ռահիմ Մըրատ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի իր անձնական ապահովութեան սպառնացող վտանգը պատճառաբանելով կը մերժէ վերադառնալ Լիբանան:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ աշխատաւորներուն իրաւունքներուն պատասխանատու նկատուող կողմերն են, որոնք դաւադրութիւններ կը կազմակերպեն անոնց դէմ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու որեւէ տարբերակ անընդունելի է, եթէ ան պաղեստինեան հողերուն ազատագրումը չ՛ապահովեր:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի յայտարարութիւնները սուրիական վարչակարգին ծառայող  քաղաքական յայտարարութիւններ կը նկատուին:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ, երեսփոխան Միշել Մըր յայտնեց, որ իրենք պիտի մնան անկախ եւ ոչ ոքի ենթակայ պիտի ըլլան, որովհետեւ պաշտօններու տիրանալու համար չեն ապրիր:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասան Տիապ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն յայտնեց, որ համադաշնակցութիւնը պիտի ընթանայ տնտեսական խորհուրդներուն հետ գոյացած համաձայնութեան սկզբունքներով:

Share this Article
CATEGORIES