ԸՍՏ «ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ» ԿԱՅՔԷՋԻՆ` ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՄՈՍԱՏԸ ՋԱԽՋԱԽԱԾ Է ԵԹՈՎՊԻԱԿԱՆ ՕԴԱՆԱՒԸ
Մաւրիտանական «Ազատութիւն» կայքէջին տեղադրած մէկ լուրին համաձայն, Մաւրիտանիոյ մէջ բացայայտուած է իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան ցանց մը, որուն անդամներէն Ֆարես Պաննա (ծագումով պաղեստինցի` յորդանանցի քաղաքացի մը) ձեռագիրով մը խոստովանած է, թէ ինք կ՛աշխատի իսրայէլեան Մոսատին հաշուոյն եւ մասնակցած է Տուպայի մէջ Համաս շարժումի զինուորական թեւի պատասխանատուներէն Մապհուհը սպաննելու գործողութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի վերեւ եթովպիական օդանաւը ջախջախելու գործողութեան, որուն նպատակն էր սպաննել Հըզպալլայի մէկ պատասխանատուն:
«Ազատութիւն» կայքէջին համաձայն, Պաննա խնդրած է զինք յորդանանեան գաղտնի սպասարկութեան չյանձնել եւ անոր փոխարէն ան խոստովանած է վերոնշեալ երկու գործողութիւններուն մանրամասնութիւններուն մասին:
CATEGORIES Լիբանանեան