ԺԱՀԺԱՀ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ «ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԻՆ ՇԱՀԵՐՈՒՆ ԾԱՌԱՅՈՂ» ՂՈՍԸՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին խստիւ դատապարտեց պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի յայտարարութիւնները` նկատել տալով, որ անոնք շինծու տեղեկութիւններ են, որոնք կը միտին ծառայել սուրիական վարչակարգին շահերուն:
Ժահժահ յայտնեց, որ Ամերիկայի եւ Եւրոպայի մէջ ալ կան արմատականներ, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ ամերիկեան եւ եւրոպական պետութիւնները պէտք է օրական դրութեամբ յայտնեն, թէ իրենց երկիրներուն մէջ արմատականներ կան:
«Ընդհակառակն, երբ այդ արմատականները ձերբակալուին, անկէ ետք անոնց մասին կը յայտարարուի», ըսաւ ան:
Ժահժահ Ղոսընի կատարած յայտարարութիւնը ամօթալի նկատեց եւ անբացատրելի գտաւ լիբանանցի նախարարի մը կողմէ սուրիական վարչակարգին ծառայելու մարմաջը:
Միւս կողմէ, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ընդհանուր քարտուղարութիւնը դատապարտեց Լիբանանի կառավարութեան եւ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդին լռութիւնը հիւսիսային Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջաններուն մէջ արձանագրուած զարգացումներուն առումով:
Նշենք նաեւ, որ յառաջիկայ երկուշաբթի օր պաշտպանութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը պիտի գումարէ իր նիստը, որուն ընթացքին կը նախատեսուի նախարար Ղոսընին լուսաբանական հարցումներ ուղղել` անոր կատարած յայտարարութիւններուն մասին: