ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՒՖԹԻՆ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԷ ԱՐՍԱԼԻ ԲՆԱԿԻՉՆԵՐԸ
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց իրաքցի իսլամ կրօնաւորներու մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց Նաժաֆը 2012-ի մշակոյթի միջազգային կեդրոն յայտարարելու վերաբերող հարցեր:
Միւս կողմէ, միւֆթի Քապպանի յայտնեց, որ Արսալի բնակչութիւնը ազգային ինքնութեան տէր է եւ կարելի չէ անոր արժանապատուութիւնը վիրաւորել:
Ան ցաւ յայտնեց այն ամբաստանութիւններուն համար, որ Արսալի մէջ Քայիտայի անդամներ գոյութիւն ունին` աւելցնելով, որ կարելի չէ Արսալի բնակիչները ահաբեկիչներ նկատել:
Հանրապետութեան միւֆթին ընդգծեց, որ լիբանանեան պետութիւնն ու անոր կառոյցները պէտք է հետապնդեն տեղեկութիւնները եւ ամէն ջանք ի գործ դնեն` կայուն պահելու Լիբանանի ապահովութիւնը:
Միւֆթի Քապպանի կոչ ուղղեց վերջ տալու համայնքային դրութեան եւ մեր մշակոյթէն ջնջելու համայնքային խտրութիւնը, որ երկիրը եւ անոր զաւակները հարուածող ախտ մը կը նկատուի:


