ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ ՂՊՏԻՆԵՐԸ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ՔՈՒԷԱՐԿԱԾ ԵՆ

19 մարտին Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէին ընթացքին եգիպտացիներուն 77.2 առ հարիւրը սահմանադրական բարեփոխումներուն թեր քուէարկած է, իսկ 22.8 առ հարիւրը` դէմ: Դէմ քուէարկածներու շարքին են ղպտիները:

«Ճնշուած ժողովուրդներու պաշտպանութեան կազմակերպութեան» ներկայացուցիչ Ուլրիխ Տելիուս «Ուըրլտ Փրես»ին յայտնած է, որ «եգիպտացի քրիստոնեաները կը պահանջեն նոր սահմանադրութիւն, որ աշխարհիկ բնոյթ պիտի հաղորդէ պետութեան: Սահմանադրութեան 9 յօդուածներու փոփոխութիւնը չի լուծեր այդ խնդիրը»:

Ղպտիները նախ եւ առաջ կը պահանջեն, որ չեղեալ նկատուի սահմանադրութեան երկրորդ յօդուածը, ըստ որուն, իսլամական օրէնքը պետութեան իրաւական համակարգի հիմքը կը նկատուի: 9-րդ յօդուածը կը նշէ, որ «իսլամութիւնը պետական կրօն է, արաբերէնը` պետական պաշտօնական լեզու, իսլամական օրէնքի սկզբունքները` իրաւունքի գլխաւոր աղբիւրը»:

Ղպտիներու հետ սահմանադրական բարեփոխութիւններուն դէմ քուէարկած են նաեւ որոշ ազատական եւ ձախակողմեան կուսակցութիւններ, որոնք կը պահանջեն ամբողջովին նոր սահմանադրութիւն մը մշակել:

 

Share this Article
CATEGORIES