ԱԼԻԵՒԻ ՀՐԱՒԷՐՈՎ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ
Յունաստանի նախագահական պալատին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Յունաստանի նախագահ Քարոլոս Փափուլիաս 4-էն 6 ապրիլին պիտի այցելէ Ազրպէյճան` ընդառաջելով նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրաւէրին:
Նախագահին ուղեկցող պատուիրակութեան մաս պիտի կազմեն Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը, ծովային հարցերու նախարարը, ինչպէս նաեւ կենսոլորտի փոխնախարարը:
CATEGORIES Միջազգային